ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը պաշտօնապէս Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրեց Վահագն Խաչատրեանը, որ ներկայիս Բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէ։ 1 փետրուարի դրութեամբ ի զօրու դարձած է այժմ արդէն նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը եւ ներկայիս ժամանակաւորապէս խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ ստանձնուած են այդ լիազօրութիւնները։ Անցեալ շաբաթավերջէն սկսեալ Երեւանէն արդէն իրերայաջորդ հաղորդուիլ սկսած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանական ճամբարը յետքննարկումներու որոշած է կեդրոնանալ Վահագն Խաչատրեանի անունին վրայ՝ որպէս հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ Ամենայն հաւանականութեամբ Հայաստանի Ազգային ժողովը նոր հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ձեռնարկէ 25 փետրուարին։ Արտահերթ նախագահական ընտրութեան գործընթացը պէտք է եզրափակուի տասն օրուայ ընթացքին։

Միւս կողմէ, Ալէն Սիմոնեանի կողմէ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններու ստանձնման յաջորդած կարճ ժամանակահատուածին արդէն իրերայաջորդ պաշտօնատարներ պաշտօնէ կ՚ազատուին նախագահական աշխատակազմէն։ Սիմոնեանի տնօրինութեամբ Դաւիթ Առաքելեան նշանակուած է նախագահական աշխատակազմի ղեկավար։

Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտուան հերթական նիստի բացման Նիկոլ Փաշինեանն ալ անդրադարձաւ Վահագն Խաչատրեանի թեկնածութեան։ Ան յայտնեց, որ իր գլխաւորած կուսակցութեան շարքերէն ներս ներդաշնակութիւն կայ նախագահական թեկնածուի պարագային։ Իր խօսքով՝ սա վստահութիւն կը ներշնչէ, թէ առնուազն քուէարկութեան երկրորդ փուլին արդէն կ՚ընտրուի հանրապետութեան նոր նախագահը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022