ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿ
Երեւանի մէջ նախընթաց օր ազդարարուեցաւ «Մատենա» միջազգային դպրոցի կրթական ծրագրերու մեկնարկը։ Այսպէս, ղեկավարներու համար նախատեսուած այս դպրոցի առաջին կրթական ծրագիրը տեղի ունեցաւ Մատենադարանի դահլիճին մէջ։ Թէ՛ մասնաւոր եւ թէ պետական հատուածներէ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս ձեռնարկին։ Դպրոցը արդէն միտուած է այս երկու ուղղութիւններու զարգացման՝ զանազան կազմակերպութիւններէ ներս աշխատող խումբերու հմտութիւններու բարձրացման միջոցաւ։
«Մատենա»ն յայտարարած է երկու միջազգային ծրագրի սկիզբի մասին։ Անոնցմէ մին կը կոչուի «Փոփոխութիւններու առաջնորդում. ղեկավարներու մասնագիտական զարգացման ծրագիր», իսկ միւսը՝ «Հայաստանի համայքներու արդիւնաւէտ կառավարում. համայնքային պաշտօնեաներու մասնագիտական զարգացման ծրագիր»։
Համաշխարհային մակարդակով այս ծրագրերը մշակուած են «Սոքոլքովօ» ռուսական կառավարման դպրոցին հետ։ Բացի Երեւանէն, Դիլիջանի եւ Մոսկուայի մէջ ալ նախատեսուած են դասընթացներ։ Ռուսերէնով եւ անգլերէնով կը կատարուին դասընթացները, համաժամանակեայ թարգմանութիւն կ՚ապահովուի հայերէնի պարագային։ Ծրագրին ներգրաւուած են յառաջատար մասնագէտներ, որոնք ղեկավար աշխատանքի ու դասաւանդման տարիներու փորձառութիւն ունին։
Միեւնոյն ժամանակ, «Մատենա» մտադիր է ընդլայնել իր նախաձեռնութիւններու շարքը։ Յառաջիկայ ամիսներուն կը նախատեսուի նոր ծրագրեր առաջարկել բոլոր անոնց համար, որոնք կը ձգտին կատարելագործել իրենց մասնագիտական հմտութիւնները՝ միջազգային կամ տեղական յառաջատար մասնագէտներու շնորհիւ։ Բաց աստի, պիտի կազմակերպուին անվճար դասընթացներ երիտասարդներու, ուսանողներու, ինչպէս նաեւ հասարակութեան աւելի լայն շրջանակներու համար՝ օգտագործելով միջազգային եւ տեղական գործընկերներու հսկայական ցանցը։
Առաջին ծրագրի բանախօսներն էին՝ «Մատենա» միջազգային դպրոցի համահիմնադիր ու գործադիր տնօրէն Ռուբէն Հայրապետեան, «Մատենա»ի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, «Մատենա»ի ակադեմական տնօրէն Տիգրան Մնացականեան եւ Հայաստանի Տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու փոխ-նախարար Վաչէ Տէրտէրեան։
«Մատենա»ի համար մշակուած է գանձատրման յատուկ համակարգ մը, որու շնորհիւ գործընկեր ընկերութիւններու մասնակիցները պիտի կարողանան համաշխարհային մակարդակով կրթութիւն ստանալ շահաւէտ պայմաններով։ Դպրոցը կը ծրագրէ աստիճանաբար ընդլայնել իր նուիրատուներու եւ գործընկերներու ցանցը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ աւելի շատ մասնակիցներու համար կրթաթոշակի տրամադրման՝ «Մատենա»ի ծրագիրներուն հետեւելու համար։