ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը նոր նուիրակ մը նշանակեց Անգարայի մօտ։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ Վատիկանը պիտի ներկայացնէ Մոնս. Մարեք Սոլծինսքի՝ որպէս պապական նուիրակ։ Վատիկանի աղբիւրները պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ ան վերջին հինգ տարիներուն Թանզանիայի մէջ պապական նուիրակի պաշտօն կը վարէր եւ ներկայիս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ նշանակուած է՝ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարելու համար։

60-ամեայ Մոնս. Սոլծինսքի 2011-2017 թուականներուն ալ պաշտօնավարած էր Հարաւային Կովկասի մէջ։ Այդ ժամանակահատուածին ան Վրաստանի մէջ պապական նուիրակի պաշտօն վարած էր, նստավայրը կը գտնուէր Թիֆլիզի մէջ եւ, միեւնոյն ժամանակ, համատեղութեան կարգով հաւատարմագրուած էր նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մօտ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022