Հինգշաբթի 20, Փետրուար 2025
ԿՈՄԻՏԷԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԱԽԱԳԱՀ
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս վերաձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առաւօտ ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ նշանակուեցաւ Յովհաննէս Յովսէփեան։
Հարկ է նշել, որ մինչ այս նշանակումը Յովհաննէս Յովսէփեան հանրապետութեան նախագահի վերահսկողութեան ծառայութեան ղեկավարն էր։
Հինգշաբթի, Մարտ 3, 2016