ՄԱՐՏԻՆԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ, ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ գործողութիւնները կը շարունակուին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մարտինի Տարկեչիթ գաւառակին մէջ պատահած բախումներուն ընթացքին նահատակուեցաւ երեք զինուոր։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներուն հաղորդումներով, ութ ահաբեկիչ չէզոքացուեցաւ նոյն բախումներուն ժամանակ։
Միւս կողմէ, այս առաւօտ Իսթանպուլի մէջ ալ տեղի ունեցաւ յարձակում մը։ Պայրամփաշայի մէջ, ոստիկանութեան «Çevik kuvvet» բաժանմունքի տնօրէնութեան շէնքին վրայ կրակ բացուեցաւ եւ ռումբ արձակուեցաւ։ Ոստիկանները փոխադարձեցին կրակին։
Յարձակողները ինքնաշարժով մը խոյս տուին դէպքի վայրէն, անոնցմէ մին վիրաւորուեցաւ։ Հոծ թիւով ոստիկաններ ուղարկուեցան յարձակման պատահած շրջանը։ Ստուգուեցաւ, որ «Կազի» փողոցի շէնքերէն մէկուն մէջ պահուըտած էին ոստիկանատան վրայ յարձակողները։ Այդ շէնքին շուրջ ձեռք առնուեցան անվտանգութեան խիստ միջոցներ։ Ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեամբ ստորաբաժանումներն ալ ուղարկուեցան այնտեղ։