«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐՆԱՅ ԶԱՐՆԵԼ ԵՓԿ-Ն»

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ դռնփակ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի ար­տա­քին գոր­ծոց մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն հետ։ Ա­ւե­լի վերջ ան բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով, Էլ Պա­պի մաք­րա­գործ­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Թուր­քիա իր զօր­քե­րը պի­տի ուղ­ղէ դէ­պի Մեն­պիչ։ «Ը­սած ենք, որ ե­թէ ԵՓԿ այդ տե­ղէն ետ չքա­շուի, ա­պա մեր թի­րա­խը պի­տի դառ­նայ», յայտ­նեց Չա­վու­շօղ­լու։ Բաց աս­տի, նա­խա­րա­րը մատ­նան­շեց, որ այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ու­նի շատ հրա­տապ բնոյթ։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը այդ շրջա­նէն ներս սխալ խմբա­ւո­րում­նե­րու հետ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցուց։ Թրքա­կան կող­մին յստակ խոս­տում­ներ տրուած էին, թէ ԵՓԿ-ի տար­րե­րը պի­տի քա­շուէին դէ­պի Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը։ Ուս­տի, Ան­գա­րա Ո­ւա­շինկ­թը­նի նոր ղե­կա­վա­րու­թե­նէն կը պա­հան­ջէ՝ որ­պէս­զի ԵՓԿ ժամ ա­ռաջ դա­տար­կէ Մեն­պի­չը։

«Այդ քա­ղաք­նե­րը կը պատ­կա­նին ի­րենց բնա­կիչ­նե­րուն եւ ա­նոնց ղե­կա­վա­րումն ալ պէտք է յանձ­նել բնա­կիչ­նե­րուն։ Ե­թէ ԵՓԿ չդա­տար­կէ այդ շրջա­նը, բնա­կա­նա­բար, ը­սած ենք՝ որ պի­տի զար­նենք զայն», ը­սաւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նա­խա­րա­րը մատ­նան­շեց նաեւ, որ Թուր­քիա եւ ԱՄՆ դէմ յան­դի­ման մնա­լու ռիսք մը չու­նին։ Ար­դա­րեւ, այդ­տեղ ԱՄՆ-ի տա­րած­քը չէ։ «Այս­տեղ նպա­տակն է գոր­ծո­ղու­թիւ­նով մը մաք­րա­գոր­ծել Մեն­պի­չը եւ զայն վե­րա­դարձ­նել իր բուն տէ­րե­րուն», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ թրքա­կան կող­մը տե­ղեակ է, թէ ԱՄՆ դաշ­նա­կից չի հա­մա­րեր ԵՓԿ-ն։ Հե­տե­ւա­բար, ԵՓԿ-ի կամ ա­հա­բեկ­չա­կան այլ խմբա­ւո­րու­մի մը դէմ պայ­քա­րը դէմ յան­դի­ման պէտք չէ թո­ղու Թուր­քիան եւ ԱՄՆ-ը։

Միւս կող­մէ, Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի եր­կայն­քով կա­ռուց­ման ձեռ­նար­կուած պա­տի շի­նա­րա­րու­թեան կէ­սը ար­դէն ա­ւար­տած է։

ԲԱ­ԽՈՒՄ­ՆԵՐ

Միւս կող­մէ, «CNN Türk»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, «Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը այս ա­ռա­ւօտ տե­ղե­կա­ցուց, որ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան են­թա­կայ փեշ­մեր­կէ­նե­րուն եւ ՓՔՔ­-ի մի­ջեւ Սին­ճա­րի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած են բա­խում­ներ։ Ըստ նոյն աղ­բիւր­նե­րուն, եր­կու կող­մերն ալ ու­նին վի­րա­ւոր­ներ։ Որ­քան որ ալ բա­խում­նե­րը վեր­ջա­ցած ըլ­լան, ա­տեն-ա­տեն կը հնչեն կրա­կոց­ներ։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2017