ՇԻՇԼԻԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԿԱՆՈՒԽ ՀՆՉԵՑԻՆ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐ

Այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Շիշ­լիի մէջ հնչե­ցին կրա­կոց­ներ։ «Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի շէն­քին առ­ջեւ անձ մը եր­կու ան­գամ կրա­կեց հան­դի­պա­կաց պա­տին վրայ ու խոյս տուաւ՝ մեր­ձա­կայ­քի ինք­նա­շար­ժով մը։

«CNN Türk»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ ժա­մը շուրջ 07.40-ին։ Կաս­կա­ծեալ ան­ձը եր­կու ան­գամ կրա­կեց թեր­թի շէն­քի հան­դի­պա­կաց պա­տին վրայ։ Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս փու­թաց դէպ­քի վայր։ Ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը ու­սում­նա­սի­րե­ցին տե­սագ­րու­թիւն­նե­րը ու կազ­մե­ցին ար­ձա­նագ­րու­թիւն։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2017