ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Գեր­մա­նիոյ Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյթ մը։ Այս­պէս, Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Սե­րով­բէ Օ­տա­պա­շեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի մշա­կոյ­թի յանձ­նա­խում­բը կը գլխա­ւո­րէ, ար­ժա­նա­ցաւ բարձր պա­տի­ւի մը։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի միջ­նոր­դու­թեամբ՝ Սե­րով­բէ Օ­տա­պա­շեան պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գար­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Այս­պէս, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ի­րեն շնոր­հած էր Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ «Սուրբ Սա­հակ-Սուրբ Մես­րոպ» բարձր շքան­շա­նը։ Քէօլ­նի մէջ յատ­կա­պէս կազ­մա­կեր­պուած հան­դի­սու­թիւ­նով մը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն ու­ղար­կուած այդ շքան­շա­նը եւ Հայ­րա­պե­տա­կան սրբա­տառ կոն­դա­կը Սե­րով­բէ Օ­տա­պա­շեա­նին յանձ­նուե­ցաւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի ձե­ռամբ։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ բազ­մա­թիւ հի­րեր։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Թե­մա­կան խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Ա­րա Վար­դա­նեան։ Մե­ծա­րեա­լի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Քէօլ­նի հայ հա­մայն­քի ա­տե­նա­պե­տու­հի Նի­նու Միք­պայ։ Մե­ծա­րեա­լին շքան­շա­նը յանձ­նե­լով՝ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ա­նոր ծա­ռա­յու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2017