ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԵՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ 51 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ

Եւրոպական Միութիւնը քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար 51 միլիոն եւրօ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եւրոմիութեան Երեւանի գրասենեակը այս կապակցութեամբ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը։ Այս առթիւ մատնանշուած է հետեւեալը.

«Սա կը ներառէ մասնաւորապէս 18 միլիոն եւրօ նոր ֆոնտեր եւ ընթացիկ ֆոնտերէ 33 միլիոն եւրօ վերաբաշխում՝ բժշկական սարքաւորումներու մատակարարման, բժշկական եւ տարրալուծարաններու անձնակազմի համար դասընթացքներու կազմակերպման, փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններուն եւ գործարար հանրութեան համար ցուցաբերուող աջակցութեան, ինչպէս նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի բռնկման հետեւանքով տուժած անձերուն ընկերային եւ մարդասիրական օգնութեան տրամադրման նպատակով։ Աւելին պիտի յատկացուի տարածքաշրջանային կարեւոր դրամատնային միջոցներու եւ ծրագրերու յետագայ վերաբաշխման միջոցաւ»։

Բաց աստի, Համաշխարհային դրամատունն ալ որոշած է 3 միլիոն ամերիկեան տոլար տրամադրել Հայաստանին՝ նոյնպէս համաճարակի դէմ պայքարելու համար։ Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ որոշուած է աջակցիլ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն, որոնք ուղղուած են բնակչութիւնը պաշտպանելու։ Այս օժանդակութիւնը կը յատկացուի Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան խնդրանքով, «Հիւանդութիւններու կանխարգելում եւ վերահսկում» ընթացիկ ծրագրի շրջանակներէն ներս։

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարը ամբողջ թափով կը շարունակուի Հայաստանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան դրութեամբ երկրին մէջ ստուգուեցան 92 նոր վարակեալներ։ Այսպէսով Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 663-ի։ Զոհերու թիւն է 4։

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ համաճարակի դէմ մղուած պայքարի մանրամասնութիւններուն։ Թորոսեան տեղեկացուց, որ երկրի բոլոր մարզերուն մէջ պատրաստուած են սրահներ, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային պիտի վերածուին համաճարակի հիւանդանոցներու։ Ան համոզուած է, թէ առկայ իրավիճակին մէջ պէտք է պատրաստ ըլլալ հաւանական ամէն տեսակ զարգացումի։ Ըստ նախարարին, Հայաստանի կառավարութեան հիմնական առաջնահերթութիւններէն մին է՝ բժշկական մասնագիտական անձնակազմի, համակարգի աշխատողներու առողջութեան երաշխաւորումը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել անոնց կողմէ մատուցուած ծառայութիւններու շարունակականութիւնը։ Ցարդ երեք բժիշկ ու հիւանդապահներ վարակուած են քորոնաժահրով։

Նոր յայտնաբերուած 92 պարագաներու մանրամասնութիւններուն ալ անդրադարձաւ Արսէն Թորոսեան եւ շեշտեց, որ անոնց կէսէն աւելին արդէն մեկուսարանի մէջ կը գտնուէին կամ մեկուսացած էին եւ կամ շփման մէջ էին միայն նախապէս հաստատուած դէպքերու հետ։ «Ի հարկէ, կան նաեւ նոր օճախներ՝ յատկապէս դուրսի մեր հայրենակիցներու միջոցաւ բերուած։ Անոնք, մեր կարծիքով, բաւական վաղ յայտնաբերուած են։ Անոնց շփման շրջանը թէեւ հիմա կը պարզուի, սակայն մեր կարծիքով այնքան ալ լայն չէ», ըսաւ Թորոսեան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախարարը կարեւորութեամբ ընդգծեց նաեւ հետեւեալը. «Նկատի ունենալով թիւերը՝ պէտք է առաւել քան զգօն ըլլալ հիւանդութեան տարածումը կանխելու համար»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020