ՈՒՆԿՆԴՐԵԼ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՀԵՔԻԱԹՆԵՐԸ

Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը առցանց հարթակի վրայ հեքիաթներ կը ներկայացնէ նաեւ արեւմտահայերէնով։

Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը առցանց հարթակի վրայ բազմաթիւ ու բազմաբովանդակ ծրագիրը կ՚իրականացնէ այցելուներու հետ կապը չկորսցնելու նպատակով։ Թանգարանը կը փորձէ իր ուշադրութեան կեդրոնին պահել ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ սփիւռքի մէջ բնակող հայրենակիցները։

«Ընտիր հեքիաթներ արեւմտահայերէն» նախաձեռնութեան շրջանակին մէջ ամէն շաբաթ հայրերը, մայրերը, մեծ մայրերը ու մեծ հայրերը իրենց փոքրիկներու հետ կրնան այցելել թանգարանի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը եւ արեւմտահայերէնով ունկնդրել Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները:

Թանգարանի աշխատակիցները կը յորդորեն մեծահասակներուն ուշադիր ըլլալ եւ օգնել երեխաներուն հաճոյքով կատարել հեքիաթասացի յանձնարարութիւնները:

Թանգարանը «Արի ծանօթանանք» կրթական ծրագրի էջին վրայ ներկայացուցած էր Թումանեանի մասին պատմող շարժանկարի արեւելահայերէն տարբերակը: Այժմ այդ ժապաւէնը հնարաւոր է դիտել արեւմտահայերէնով:

Ինչպէս ամէն երկրի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ նոր տիպի քորոնաժահրի տարածումը  կանխարգիլելու նպատակով մէկ ամիս ժամկէտով՝ մարտի 16-էն ժամը 18.30-էն մինչեւ ապրիլի 14-ի ժամը 17.00-ը, յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն։ Յետաձգուած կամ չեղարկուած են բազմաթիւ զանգուածային միջոցառումներ: Մշակութային հաստատութիւնները որոշ ժամանակով դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը: Անոնցմէ շատերը կը փորձեն պահել կապը արուեստասէրներու հետ առցանց հարթակի վրայ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2020