ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ողիմպիականներուն ընդհանուր՝ եզրափակիչ փուլը։ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան, Կրթութեան ազգային կաճառի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին այս ողիմպիականները, որոնց հանրապետական այս փուլը տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի երդիքին տակ։
2015-2016 ուսումնական տարիին այս ողիմպիականի տարածքաշրջանային եւ մարզային փուլերուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած աշակերտները իրաւունք շահած են մասնակցելու հանրապետական փուլին։ Հայաստանի զանազան մարզերէն եւ Երեւանէն, 8-էն մինչեւ 12-րդ դասարաններէ 115 աշակերտներ մասնակցութիւն բերին ողիմպիականներու եզրափակիչ փուլին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան սարկաւագներու ուղեկցութեամբ ողիմպիականներուն մասնակից աշակերտները այցելեցին նաեւ Մայր Տաճար եւ Մայրավանքի համալիրի թանգարանները։ Արդիւնքներու հրապարակումէն եւ գրաւորներու պարզաբանումէն վերջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին աշակերտներուն յանձնուեցան վկայագրեր ու գովասանագրեր։