ՇԻՆԻՉ ՈՒ ԴՐԱԿԱՆ ԶՐՈՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ երեկոյեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Ամերիկեան զօրքերուն կողմէ անցեալ Ապրիլի 6-ին Սուրիոյ տարածքէն ներս ռմբակոծուած էր Շայրաթ օդային ռազմախարիսխը։ Այդ իրադարձութիւնը որոշ լարուածութիւն յառաջացուցած էր Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ։ Ուրեմն այդ դէպքէն վերջ առաջին անգամ Թրամփի եւ Փութինի միջեւ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւն մը։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Սուրիոյ ճգնաժամին առընթեր նախագահները կանգ առին Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական արկածախնդրութիւններուն վրայ։ Անոնք շեշտեցին նաեւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ ամերիկեան եւ ռուսական կողմերու համակարգումը։
ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընն ալ յայտնեց, որ Թրամփ-Փութին հեռախօսազրոյցը եղած է շատ շինիչ եւ երկու ղեկավարները հանգամանօրէն կարծիքներ փոխանակած են շարք մը հարցերու շուրջ։
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ Յուլիսին, Գերմանիոյ մէջ Թրամփ եւ Փութին ունենան հանդիպում մը՝ «Մեծ քսանեակի» գագաթաժողովի օրերուն։