ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՅ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Ահմէտ Ալի Էլ-Սայէղի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալւեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Ահմէտ Ալի Էլ-Սայէղ միեւնոյն ժամանակ Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի համանախագահն է։

Էլ-Սայէղ երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի առաջին նիստը այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունեց այս իրադարձութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր վերջին այցելութեան ընթացքին գոյացած պայմանաւորուածութիւնները իրականութիւն կը դառնան։ Արմէն Սարգսեան զրոյցի ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցիլ այդ ծրագրերու իրականացման։

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար՝ Էլ-Սայէղն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան ընթացքին այդ երկրի ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպումները ուղենիշ դարձած են, որպէսզի ներկայիս ինքը Հայաստանի մէջ քննարկումներ ծաւալէ զանազան ոլորտներու շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ արդէն տեղի ունեցած են Միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի առաջին հանդիպումները, որոնց ընթացքին զանազան համաձայնութիւններ գոյացած են շարք մը կարեւոր հարցերու պարագային։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՚ակնկալեն աւելի սերտ համագործակցութիւն ծաւալել տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի, նոր փորձագիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Նշելով, որ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գործարարութեան յաջող օրինակներ՝ հիւր պետական նախարարը կարեւորեց ինչպէս անոնց ապագայ ծաւալումը, այնպէս ալ Հայաստանի գործարարներու ներկայութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շուկայէն ներս։

Էլ-Սայէղ երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգին եւ հեռանկարներուն անդրադարձ կատարուեցաւ այս զրոյցի ընթացքին եւս։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միեւնոյն ժամանակ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցերու շուրջ։ 

Ուրբաթ, Մայիս 3, 2019