ԽՏԱՑԵԱԼ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին Ուաշինկթընի մէջ։ Խտացեալ քննարկումներու մթնոլորտին մէջ կը ծաւալուի ընդհանուր աշխատանքը, որու կապակցութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ։ Երէկուան դրութեամբ արդէն անընդհատ երկու օր շարունակուեցան բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին Ուաշինկթըն Երեւանէն եւ Պաքուէն խնդրած է դիտարկել՝ ինչպէս լաւագոյնս պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։
Ըստ ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներուն, Ուաշինկթըն կ՚ընդգծէ, որ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համաձայնութեան շրջանակը, բնոյթն ու բովանդակութիւնը պէտք է որոշեն կողմերը։ «Չափազանց շատ կեանքեր խլած ու շատ երկար տեւած հակամարտութեան տեւական կարգաւորում գտնելու միակ ճանապարհն է ի վերջոյ մարդոց ինքզինքնին ապահով զգալը իրենց տուներուն մէջ եւ անոնց իրաւունքներուն պաշտպանուած ըլլալը։ ԱՄՆ կ՚աջակցի երկարատեւ, կայուն համաձայնութեան, որ խաղաղութեան հիմք կրնայ դնել», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան աղբիւրներուն մէջ՝ միշտ շեշտելով Հայաստան-Ատրպէյճան ուղիղ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։
Մինչ ամերիկեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները յոյս կը յայտնեն, թէ կողմերը ներկայ շաբթուան ընթացքին անմիջական ու անկեղծ քննարկումներ կ՚ունենան, Պետական քարտուղարութեան փոխ-բանբեր Վետանթ Փաթելն ալ ըսաւ. «Մենք հաւատարիմ կը մնանք այս գործընթացին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ ապագայի խթանման»։
Ուաշինկթընի բանակցութիւններով պայմանաւորուած սպասման մթնոլորտին մէջ, յամենայնդէպս, դաշտի վրայ իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ։ Ատրպէյճանի պատկան մարմինները երէկ պահանջեցին, որ պատմական Դադիվանքէն դուրս գան հայ հոգեւորականները։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները անմիջապէս արձագանգեցին այդ պահանջին։ «Հայ եկեղեցականները Դադիվանքի մէջ կը շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը՝ շնորհիւ ռուս խաղաղապահներու երախտարժան առաքելութեան, որով կ՚ապահովուի վանքի անվտանգութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի Դադիվանքի աղուանական ըլլալու կեղծ պնդումներուն, ապա պատմական անհերքելի փաստ է, որ վանքը ի սկզբանէ եղած է հայկական եւ որեւէ առընչութիւն չէ ունեցած Աղուանից եկեղեցւոյ հետ, առաւել եւս՝ այսօրուան նորայայտ աղուանա-ուտիական կրօնական համայնքին հետ», յայտարարուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։
ՄՈՍԿՈՒԱ ՎԵՐԱՊԱՀ
Միւս կողմէ, Մոսկուա կը շարունակէ վերապահութեամբ հետեւիլ Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ հերթական անգամ շեշտեց, որ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համաձայնութիւնները այլընտրանք չունին։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ խնդիրներու լուծումը եւ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան թուլացման ուղղեալ որոշ համատեղ քայլերու հաւանական զարգացումը, առաջին հերթին, ի հարկէ, հնարաւոր է՝ Ռուսաստանի հետ ստորագրուած եռակողմանի փաստաթուղթերուն հիման վրայ։ Առայժմ չկան այլ իրաւական հիմքեր, որոնք կը նպաստեն կարգաւորման, համապատասխանաբար, այսօր այդ եռակողմանի փաստաթուղթերը բացարձակապէս այլընտրանք չունին։ Որեւէ օգնութիւն, որ կրնայ օգնել այս հիման վրայ կարգաւորման, կարելի է ողջունել։ Բայց մենք գիտենք նաեւ, որ կան կարգաւորման հիմքերը խարխլող տարբեր փորձեր, որոնք ապագային կրնան արդիւնք չտալ։ Յուսանք, թէ այս պարագային խօսքը առաջինի մասին ըլլայ», ըսաւ Փեսքով Ուաշինկթընի բանակցութիւններու մասին։
Ուաշինկթընի բանակցութիւններու մթնոլորտին մէջ, երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչեցին նաեւ Թեհրան-Պաքու առանցքին տեսակէտէ, ուր վերջին շրջանին կը նկատուի լարուածութիւն։ Այսպէս, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասըր Քանաանի յայտնեց, որ բարի կամքի դրսեւորմամբ շարք մը գործնական քայլեր առնուած են՝ Ատրպէյճանի հետ թիւրըմբռնումներու վերացման ուղղութեամբ։ Սա եղած է կողմերու միջեւ բանակցութիւններու եւ պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ, որպէսզի երկու հարեւաններուն միջեւ ուղղուին առկայ թիւրըմբռնումները։