ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԵՐԸ

Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի փակումով Արցախի շրջափակումը ածանցեալ նոր արգելքներ կ՚ունենայ: Բերձորի միջանցքին վրայ, Հայաստանի սահմանին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան գօտիին մէջ՝ Հակարի գետի կամուրջին կից Ատրպէյճան իր հսկիչ-անցակէտը տեղադրած է։ Պաքու յայտարարած է, որ անցագրային վերահսկողութիւնը կ՚իրականացուի ռուս խաղաղապահներու հետ համագործակցութեամբ:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կը հաստատէր, որ իր երկիրը ջանքեր կը գործադրէ Բերձորի միջանցքին շուրջ իրավիճակի կարգաւորման եւ 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի համաձայնութիւններուն վերադառնալու համար: Ըստ դիւանագէտին, Մոսկուա սկզբունքօրէն կարեւոր կը նկատէ, որ Երեւան իր ներդրումը ունենայ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնման առաջադրանքին մէջ:

Յայտարարութեան առաջին բաժինը հաւասար հեռաւորութեան կանոնի պահպանումն է: Պարզ է տրամաբանութիւնը. Մոսկուա կը դիմադրէ Արեւմուտքի զուգահեռ միջնորդութեան եւ կ՚ուզէ իր ձեռքին մէջ պահել միջնորդի կարգավիճակը: Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը, սակայն, կը խախտէ հաւասար հեռաւորութեան կանոնը, երբ միակողմանիօրէն Երեւանէն կ՚ակնկալուի ներդրում ունենալ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու գործընթացին մէջ:

Արցախը շրջափակողը Ատրպէյճանն է, անցակէտ տեղադրողը՝ նոյնպէս: Ակնկալութիւնը Հայաստանէն է:

Ռուսական հայեցակէտերէն փորձենք դիտարկել գործընթացները: Ակնկալութիւնը այս պարագային նոյեմբերեան համաձայնութեան 9-րդ կէտի իրականացումն է՝ 6-րդ կէտին դիմաց: Այնպէս, կ՚ընկալուի, որ 6-րդ կէտը համաձայնութեան վերադարձնելու համար պէտք է աշխատցնել 9-րդ կէտը: Այսինքն, Նախիջեւան-Ատրպէյճան կապը… Ա՛յս հակակշռոյթ տրամաբանութեամբ կ՚ընթանան իրադարձութիւնները: Միջանցք միջանցքի դիմաց, ճանապարհ ճանապարհի դիմաց, անցակէտ անցակէտի դիմաց… Հայաստան-Արցախ միջանցքը փակ կը մնայ՝ այնքան ատեն, որ չի բացուիր Նախիջեւան-Ատրպէյճան ճանապարհը: Անցակէտ կը տեղադրուի՝ այնքան ատեն, որ բացուելիք ճանապարհին վրայ Հայաստան պիտի տեղադրէ անցակէտ: Պաքու այս ձեւով ապաշրջափակման ծրարային գործարք կ՚առաջարկէ Երեւանին, ըստ էութեան, սակայն, Մոսկուային: Եթէ Նախիջեւան-Ատրպէյճան բացուելիք ճանապարհին վրայ պիտի տեղակայուին հայկական եւ ռուսական միացեալ անցակէտեր, ապա նոյնը կը պահանջեն Հայաստան-Արցախ միջանցքին համար:

Պաքու կը շահարկէ տարածաշրջանին մէջ միջնորդական հակամարտութեան պայմանները եւ Մոսկուային նոր պայմաններ կ՚առաջարկէ այս ձեւով, ըստ էութեան, վերափոխելով նոյեմբերեան համաձայնութիւնը: Այլ կերպ դժուար է մեկնաբանել Մոսկուայէն Երեւանին ուղղուած ակնկալութիւնները: Ապաշրջափակման եւ անցակէտի տեղադրման դիմաց հայկական կողմէն կ՚ակնկալուի փոխադարձ ընդունելի քայլերու դիմել: Տարբեր է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատարին յայտարարութիւնը, որ ընդգծած է, թէ Բերձորի միջանցքին վրայ Ատրպէյճանի անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ լարուածութեան մեղմացման ուղղեալ ԵՄ-ի կոչերուն:

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք յայտարարութիւններու մակարդակին վրայ կը նկատուի ոճային եւ բովանդակային փոփոխութիւն: Նախադրեալները կը յուշէին Մոսկուայի միջնորդութեան վերաշխուժացում` ստեղծուած վիճակի հանգուցալուծման նպատակով: Պարզ դարձաւ, որ Մոսկուայի մէջ կը սպասուի Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի մը: Մոսկուան հաստատեց, որ հանդիպման համար կայ երեք կողմերու հաւանութիւնը:

Հանդիպումի նախօրեակին Երեւանէն կը սպասուին՝ հարցերու կարգաւորման համար փոխադարձ ընդունելի լուծումներ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2023