ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ԳՈՐԾԸ ԴՈՒՐՍ ԹՈՂՈՒԱԾ «SOTHEBY'S»Ի ԱՃՈՒՐԴԷՆ
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի գործերէն մին այս օրերուն վերստին կը զբաղեցնէ աճուրդի աշխարհի օրակարգը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մեծանուն արուեստագէտի «Երեկոն Գահիրէի մէջ» կոչուած ստեղծագործութիւնը վաճառողի խնդրանքով դուրս թողուած է Անգլիոյ մէջ կազմակերպուած աճուրդէ մը։ Հարկ է նշել, որ այդ աճուրդը կ՚իրականացուէր «Sotheby's» նշանաւոր ընկերութեան նախաձեռնութեամբ։
Ընկերութեան վաճառքներու վերաբերեալ համաշխարհային հաղորդակցութիւններու բաժնի ղեկավար Մեթիու Ուէյման տեղեկացուց, թէ ռուսական կերպարուեստի ստեղծագործութիւններու աճուրդէն այս գործը դուրս թողուած է սեփականատիրոջ խնդրանքին ընդառաջ։
Հարկ է նշել, որ աւելի առաջ Ռուսաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ելէնա Ալեքսեւա յայտարարած էր, որ ռուսական «Էնթէրփոլ»ը պահանջ ներկայացուցած էր Անգլիոյ իրաւապահ մարմիններուն՝ որպէսզի Յովհաննէս Այվազովսքիի յափշտակուած այս գործը դուրս թողուի աճուրդէն։ Ռուս պաշտօնատարի խօսքերով, «Երեկոն Գահիրէի մէջ» կտաւը 1997 թուականին յափշտակուած էր մասնաւոր հաւաքածոյէ մը։
Այվազովսքիի այդ գործը, եթէ ցուցակէն դուրս չթողուէր, պիտի դասուէր այդ աճուրդի ամենասուղ գործերէն մին։ Անոր սկզբնական արժէքը կը գնահատուէր շուրջ 2 միլիոն սթերլին։ «Երեկոն Գահիրէի մէջ»ը չէր ցուցադրուած 1950 թուականէն ի վեր։ Վերջին անգամ այդ գործը ցուցադրութեան դրուած էր Թրէթեաքովեան պատկերասրահին մէջ։
Այվազովսքիի խնդրոյ առարկայ գործը ըստ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ շրջանառութեան մէջ գտնուող տուեալներուն 1940-ական թուականներուն պատկանած է Իվան Նոսէնքոյին՝ նախկին Խորհրդային Միութեան փոխադրական մեքենաշինութեան նախարարին։ Աւելի վերջ այդ նոյն գործը դարձած էր նոյնպէս նախկին Խորհրդային Միութեան նաւաշինական արդիւնաբերութեան ժողովրդական կոմիսարի ընտանիքին սեփականութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, Յովհաննէս Այվազովսքիի ստեղծագործութիւնները անգնահատելի արժէք մը կը ներկայացնեն համայն աշխարհի մէջ։ Իր քանի մը գործերու բո՛ւն, իսկական օրինակները կը գտնուին նաեւ Պատրիարքարանի մէջ։