ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ շփումներ ունեցաւ Փրակի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Չեխիոյ Վարչապետ Պոհուսլաւ Սոպոթքայի կողմէ։ Այցելութեան շրջագծով ան մէկտեղուեցաւ նաեւ Չեխիոյ Խորհրդարանի նախագահ Եան Համաչէքի եւ այդ երկրի պետական աւագանիէն այլ զանազան դէմքերու հետ։ Աբրահամեան Փրակի մէջ մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստան-Չեխիա գործարար համաժողովին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու երկիրներու վարչապետները քննարկեցին թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ թէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն կապերուն ընթացքը։ Անոնք հեռանկարային նկատեցին համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը՝ ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան, տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներէն ներս։
Պաշտօնական այցելութեան շրջագծով Փրակի մէջ ստորագրուեցան նաեւ կողմերու համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ շարք մը փաստաթուղթեր։
Միւս կողմէ, Չեխիոյ Սահմանադրական ատեանի նախագահ Փաւէլ Ռիխեթցքին ալ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ ըլլալով հիւրը Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի։ Ռիխեթցքի օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։