ՁԵՌԱԳՐԱՑ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Երեւանի Մատենադարանը համատեղ նախաձեռնութեամբ հրատարակեցին պատկերագիրք մը, որ միտուած է Արցախի ձեռագրական ժառանգութեան պահպանման։ «Արցախի եւ Ուտիքի ձեռագրական ժառանգութիւնը» կը կոչուի այս ուսումնասիրութիւն-պատկերագիրքը, որու հեղինակներն են արուեստագէտ փրոֆ. Հրավարդ Յակոբեան, բանասէր Թամարա Մինասեան եւ պատմաբան Վահէ Թորոսեան։ ՀԲԸՄ հրատարակչական այս ծրագիրը կեանքի կոչած է իր «Լորընս Թերզեան» ֆոնտին միջոցաւ։
Այս գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Երեւանի կեդրոնին մէջ։ Ներկաներու շարքին էին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան, սփիւռքահայ գիտնական Արա Սարաֆեան, բարերար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր, ինչպէս նաեւ հեղինակներ։