ՄԵԾ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը կը շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ մեր կրթական կեանքի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման նպատակով։ Հիմնարկը այս ամբողջին մէջ բնականաբար աշխատանքները կը կեդրոնացնէ նոր սերունդէ կրթական մշակներուն վրայ։ 2016 թուականէն ի վեր Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին կրթական մշակներու համագումարներ։ Այսպէս, մեծ աշխատանոցի մը ձեւաչափին մէջ կը համախմբուին թրքահայ կրթական մշակները, որոնք մասնագիտական զանազան նիւթերու շուրջ կ՚ունենան խորհրդակցութիւններ։ Այս աշխատանոցները յառաջ կը տարուին հիմնարկի կրթական յանձնախումբին կողմէ։ Կը տեղեկանանք, որ այս տարի երրորդ անգամ կազմակերպուած է կրթական մշակներու այս մեծ հաւաքը։ Համայնքային բոլոր վարժարաններէն՝ թիւով շուրջ  հարիւր տասն կրթական մշակներ մասնակցութիւն բերած են այս աշխատանքին։ Գրեթէ բոլոր ճիւղերէն ուսուցիչներ համախմբուած են 19 յունիսին։ Հաւաքը տեղի ունեցած է Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ։

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այս տարուան աշխատանոցի օրակարգային նիւթերն էին՝ Oyunlaştırma, Storytelling եւ Kodlama։ Համագումարին հրաւիրուած էին երկու մասնագէտներ՝ Եաւուզ Սամուր, Էտա Պայրաքթար եւ Maker Çocuk հաստատութենէն երեք ուսուցիչներ։

Oyunlaştırma-ի աշխատանքը տարաւ Եաւուզ Սամուր, որ մասնակից ուսուցիչներուն դասերը խաղի վերածելու եւ խաղի միջոցաւ սորվեցնելու մասին խօսեցաւ։ Մասնակիցները նաեւ խաղեր խաղացին եւ նոր խաղեր պատրաստելու փորձեր կատարեցին։

Storytelling-ի աշխատանքը տարուեցաւ Էտա Պայրաքթարի կողմէ։ Ան տեղեկութիւններ տուաւ դասը պատմութեան վերածելու եւ պատմութիւններ ստեղծելու մասին։ Ապա մասնակից ուսուցիչները խմբովին պատմութիւններ կազմելու աշխատանք տարին։

Kodlama-ի աշխատանքը կատարուեցաւ Maker Çocuk հաստատութեան կողմէ։ Հաստատութենէն երեք ուսուցիչներ մանուկներու համար համակարգչային ծրագրաւորման հիմքերը բացատրելէ յետոյ Scratch ծրագրի միջոցաւ պարզ համակարգիչի խաղ մը ծրագրաւորեցին։

Համագումարը 08.30-էն մինչեւ 16.30 շարունակուեցաւ երկու նիստերով։ Այս երկու նիստերու ընթացքին, երեք աշխատանքները վարժարանի տարբեր լսարաններուն մէջ միաժամանակ կատարուեցան։ Ուսուցիչները դիմումի ժամանակ իրենց կողմէ ընտրուած առաւելագոյն երկու աշխատանքներուն մասնակցելու կարելիութիւնը ունեցան։ Ուսուցիչները այս միօրեայ խտացեալ աշխատանքով արդիւանբեր եւ հաճելի համագումար մը անցուցին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018