ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՃԱՇԱՐԱՆ ՄԸ
«Հին օրերի երգը» ճաշարանին յարդարանքը «անցած-գացած» ժամանակները կը յիշեցնէ իր հին կահոյքով: Հոն հարահրոց չկայ, ականջ ծակող երաժշտութիւն՝ նոյնպէս, իսկ երիտասարդուհիներու փոխարէն՝ կը սպասարկեն ժպտադէմ տիկիններ:
Երբ հարց տրուեցաւ ճաշարանի հիմնադիր Գրիգոր Մաչանենց-Բաբախանեանին, թէ ինչպէ՛ս ծնաւ նման ճաշարան բանալու գաղափարը, ան պատասխանեց, որ կ՚ուզէր «լուծել աւագ սերունդի հայրենակիցներուն զբաղուածութեան հարցը, ինչպէս նաեւ՝ օրինակ ծառայել ուրիշներուն»:
Բաբախանեանի խօսքով, «Միակ բանը, ինչ կը պահանջենք մեր աշխատակիցներէն, ինքզինքնին զգալ ինչպէս տանը, այցելուներն ալ ընդունիլ այնպէս, ինչպէս իրենց սեփական տան մէջ կ՚ընդունէին: Կարելի չէ հրաժարիլ մեծահասակ անձնակազմէն: Անոնք ոչ միայն տեղական գոյն կը հաղորդեն հաստատութեան, այլեւ իմաստութիւն կը սորվեցնեն այցելուներուն: Իսկ որքան հաճելի է անոնց համար լսել՝ «Մայրի՛կ» խնդրեմ, հաշիւը բերէք, խօսքը»:
Նորաբաց ճաշարանի աշխատակիցներէն Սուսաննան կը պատմէ, որ իրեն համար աշխատանք գտնելը հաճելի անակնկալ էր. այս օրերուն, երբ նոյնիսկ երիտասարդները դժուար գործ կը ճարեն: Ան կը խոստովանի, որ տունը չի կրնար նստիլ. երկար տարիներ աշխատած է եւ վարժուած է աշխատանքի:
Ճաշարանի մէկ այլ աշխատող՝ 65 տարեկան Շուշանիկ Պետրոսեան կը պատմէ, որ այս վայրը զինք եւ միւս թոշակառուները մղեր է կրկին հաւատալ սեփական ուժերուն:
67 տարեկան մատուցողուհի Ռիմա Ղազարեան կը խոստովանի, որ քսանհինգ տարի աշխատելէ ետք իրեն համար դժուար է ձեռնածալ նստիլը: Ան կ՚աւելցնէ, որ այս նոր գործով իր կեանքը կրկին իմաստաւորուեցաւ: Բնականաբար կը յոգնի, բայց չէ՞ որ երիտասարդներն ալ կը յոգնին…
Նորաբաց ճաշարանը մասնագիտացած է հայկական աւանդական խոհանոցի կերակրատեսակով: Տատիկները հայկական բաղադրատոմսերու գաղտնիքները հաճոյքով կը պատմեն այցելուներուն:
Նշենք, որ հազիւ երկու շաբթուան կեանք ունեցող ճաշարանը կրնայ գործ հայթայթել առաւելագոյնը տասն թոշակառուի: Սուսաննային, Շուշանիկին եւ Ռիմային շուտով կը միանան ուրիշներ. մինչ այդ անոնց կ՚օգնեն երիտասարդ աշխատակիցներ:
Ճաշարանին ամբողջ եկամուտը պիտի տրամադրուի տարեցներուն ժամանց ապահովելու ծրագրին:
«ԱՒԵԼՈՐԴԸ»
Շատ հետաքրքրական է, թէ Գրիգոր Բաբախանեանի մօտ ինչպէս ծնած է «Հին օրերի երգը» ճաշարանին գաղափարը: Ան իր բացման խօսքին մէջ յայտնած է, որ զինք շատ տպաւորած է Դերենիկ Դեմիրճեանի «Աւելորդը» պատմուածքը, այդ պատճառով ալ միշտ փորձած է տարեցներուն աշխատանքի հնարաւորութիւն ստեղծել:
«Պատմուածքը կարդալէ յետոյ հասկցայ, որ ամենավատ բանն է աւելորդութեան զգացումը: Իսկ անոր համար ճառեր պէտք չեն, գործ պէտք է ընել», ըսած է ան: