Շաբաթ 28, Դեկտեմբեր 2024
«ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԻ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲ»
Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ, «Բանջարեղէնի նուագախումբի» անդամները երաժշտութիւն կը ստեղծեն բանջարեղէնի միջոցով՝ արդէն քսան տարիէ ի վեր։ Նուագախումբը արուեստի գործեր կը ստեղծէ տեղական շուկայէն գնուած թարմ բանջարեղէններով: Ներկայացումէն յետոյ բանջարեղէնները կը վերածուին ապուրի ու կը բաժնուին հանդիսատեսին։ Իսկ ո՞վ կը մտածէր, որ ստեպղինը, սմբուկը, կարմիր պղպեղը եւ այլ բանջարեղէններ, կրնան այդքան լաւ հնչել:
Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020