ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԸ՝ ՅՈՒԼԻՍԻ 10-ԻՆ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւեն երկու խումբեր: Անոնք են՝ «Շիրակ» եւ «Արարատ-Արմենիա»: Երկուքն ալ ունին 46-ական կէտ: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի «Նոա», որ ապահոված է 45 կէտ: «Ալաշկերտ» ունի 41 կէտ, «Լոռի»՝ 40, իսկ «Արարատ»՝ 33 կէտ:

27-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան՝ 6-7 յուլիսին, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. «Ալաշկերտ»-«Լոռի», «Արարատ»-«Արարատ Արմենիա» եւ «Նոա»-«Շիրակ»:

Միւս կողմէ, Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականը տեղի պիտի ունենայ 10 յուլիսին։ Այսպէս, Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 10 յուլիսին, Ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ, Երեւանի ժամով՝ 19.00-ին։

Աւարտականի այս մրցումին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի մրցին, Հայաստանի գործող ախոյեան՝ «Արարատ-Արմենիա» եւ ախոյենութեան նորեկ՝ «Նոա»:

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020