ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ

Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «ՖԻՏԷ»ի կողմէ կազմակերպուած ճատրակի առցանց մրցաշարքին:

Իւրաքանչիւր հաւաքականի մէջ պարտադիր է, որ ըլլան իգական սեռէ երկու անդամներ, ինչպէս նաեւ քսան տարեկանէն վար տղայ մը եւ աղջիկ մը: Մրցումներուն պիտի մասնակցին վեց խաղացողներ (խառն):

Հաւաքականները կրնան ունենալ պահեստի վեց խաղացողներ:

Մինչ այդ, Հայաստանի հաւաքականի ամբողջական կազմը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ շաբաթ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին, անիկա տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 22 յուլիս-30 օգոստոս թուականներուն միջեւ:

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020