ՎԱՂԸ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐՆ Է ՖՐՈՒՆԶԻԿ ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ

«Գիտեմ, որ մարդիկ զիս կը սիրեն: Բայց սա անկէ է, որ ես ալ զիրենք շատ կը սիրեմ, բոլորը՝ մէկ առ մէկ: Լիաթոք ծիծաղ կը ցանկամ ձեզի, լուսաւոր ժպիտ եւ մեծ նուիրուածութիւն դէպի արուեստը: Հայրենիքի զգացողութիւնը պահեցէք ձեր մէջ, ինչպէս սէրը կը պահէք ձեր սրտերուն մէջ, հոգիով ու սրտով կապուած մնացէք հող ու ջուրին, հոգեւոր հարստութեան»:

Արդեօք ինչպիսի՞ մարդ մը կրնար այդքան տխուր աչքեր ունենալ, բայց միեւնոյն ժամանակ անոնց մէջ ամփոփած պահել այսքան մեծ սէր եւ բարութիւն… Անոր կեանքը ճիշդ իր աչքերու պէս էր՝ լեցուն հակադրութիւններով. մասնագիտական ասպարէզին մէջ փառք եւ անսահման երջանկութիւն կը վայելէր, իսկ անձնական գետնի վրայ՝ միայն հիասթափութիւն եւ դառնութիւն, դժբախտութիւն եւ կսկիծ: Սա է, թերեւս, բացատրութիւններէն մէկը, թէ ինչո՛ւ համար Ֆրունզիկ (Մհեր) Մկրտչեանին ուրախ եւ տխուր մարդ կ՚ըսէին: Ո՞ւր կը վերջանար ուրախութիւնը եւ կը սկսէր տխրութիւնը… Անգամ մը եւս յիշենք դերասան Մեծ Ֆրունզիկի կեանքի պատմութիւնը, չէ՞ որ յուլիսը անոր ծննդեան ամիսն է…

1915 թուականին Ֆրունզիկի հայրը՝ Մուշեղը, 5 տարեկան էր, իսկ մայր Սանամը՝ 4 տարեկան: Մանուկ հասակին Կիւմրիի ճանապարհին անոնք առած են գաղթականներու քարաւանէն եւ տեղաւորած են որբանոց։

Կիւմրիի հսկայական որբանոցը հիմնուած էր Մերձաւոր Արեւելքի բարերարներու կողմէ, 1919 թուականին: Որբանոցը տեղաւորուած էր 170 շէնքերու մէջ: Տարբեր տարիներուն այստեղ ապրած է 25-30 հազար երեխայ: Մահճակալները բոլորին չէին բաւեր, երեխաներէն շատերը կը քնանային ծղօտով լեցուած պարկերու վրայ: «Որբերու քաղաքին մէջ», ինչպէս յաճախ կ՚անուանէին որբանոցը, տարիքով մեծ սաները հոգ կը տանէին փոքրերուն: Երեխաները կը պատրաստէին կեանքի պայքարին: «Քաղաքի» փոքրիկ բնակիչները կ՚ուսանէին արհեստներ, այգեգործութիւն, անասնապահութիւն, տնտեսվարութիւն:

Հայրը Մուշէն էր, մայրը՝ Վանէն: Այսքանով կը սահմանափակուի անոնց ծագման մասին ամբողջ տեղեկութիւնը։ Մուշեղն ու Սանամը չեն պատմած որբանոցի մէջ իրենց ապրած կեանքի մասին:

Ինչպէս Մհեր Մկրտչեանի եղբայրը՝ Ալպերթ Մկրտչեան կը յիշատակէր առիթով մը, ծնողները կրնային երկար ժամանակ լուռ նստիլ քով քովի՝ իրենց յիշողութիւններու գիրկը ինկած: Եւ եթէ մէկը նայէր անոնց աչքերուն, կը սարսափէր անոնց մէջ եղած տխրութենէն։

Ծանր, բայց միաժամանակ վառ մանկութեան յուշերը արտայայտուեցան Ալպերթ Մկրտչեանի «Մեր մանկութեան տանգոն» ինքնակենսագրական ժապաւէնին մէջ, ուր Ֆրունզիկը կատարած է Ռուբէնի դերը: Այդ կերպարի նախատիպը Մուշեղն էր, որ իր որդիին հետ դժուար լեզու կը գտնէր։ Ան դէմ էր Ֆրունզիկի նախասիրած մասնագիտութեան եւ կը փափաքէր, որ տղան գեղանկարչութեամբ զբաղի: Այս վէճին Մհերը յաղթեց հօրը՝ համոզելով զայն: Ցաւօք, հաշտեցումը տեղի ունեցաւ հօր ձերբակալումէն գրեթէ անմիջապէս առաջ: «Ինչպէ՞ս բացատրել, որ իմ հայրը՝ Մուշեղը, որ երբեք թանգարանի մէջ չէ եղած, չէ տեսած մեծ վարպետներու նկարներու նոյնիսկ վերարտադրութիւնը, այնուամենայնիւ, կ՚երազէր, որ ես նկարիչ դառնամ», յետագայ տարիներուն կը զարմանար Մհեր Մկրտչեան:

Երբ ան ծնաւ՝ 1930 թուականի յուլիսի 4-ին, ծնողները երբեք չէին մտածած, որ իրենց Ֆրունզը օր մը կը դառնայ հռչակաւոր դերասան։ Զայն Ֆրունզիկ կոչեցին, ի պատիւ Խորհրդային Հայաստանի զօրավարներէն մէկուն՝ Ֆրունզէի։

Ֆրունզիկ Մկրտչեանի մանկութիւնը ծանր եղած է. աղքատութիւն եւ անտես-ւածութիւն, չափազանց խիստ հայր: Երեխան նոյնիսկ տան բակը չէր կրնար իջնել, ինքզինք միշտ առանձին կը զգար ու կը վախնար, որ դարձեալ կը սկսին ծաղրել զինքը՝ իր մեծ քիթին պատճառով։ Յետոյ ան արդէն սորվեցաւ ամէն ինչին խնդալով վերաբերուիլ եւ ինքն ալ յաճախ կատակներ կ՚ընէր իր քիթին մասին ու կ՚ըսէր. «Դեռ մանկութեան տարիներուս զիս առաւել կ՚անհանգստացնէր ոչ թէ իմ քիթի այդքան մեծ ըլլալը, այլ ուրիշներու քիթերուն այդքան փոքր ըլլալը»։

Մհեր Մկրտչեանի մանկութեան տարիներն էին, երբ սկսաւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը: «10-11 տարեկան էի, պահուըտած էի նստարանի տակ: Զինուոր մը կը ծխէր, կը սպասէի, որ ան նետէ ծխախոտը, առնեմ ծխեմ, մէկ ալ յանկարծ ռատիոյով յայտնեցին, թէ պատերազմը սկսաւ»:

«Զինուորը նետեց ծխախոտին մնացորդը ու գնաց, ես առի ու սկսայ մտածել՝ «Այս պատերազմը ինչ լաւ բան է»: Յետոյ հասկցայ պատերազմի դառնութիւնը», կը պատմէր ան տարիներ վերջ:

Ֆրունզիկի միակ ուրախութիւնը թատրոնն էր: Ժողովուրդը զայն սկսաւ ճանչնալ ու սիրել:

Նոր դերասանի մասին արդէն կը խօսէր ամբողջ Կիւմրին: Իսկ երբ ան որոշեց ընդունուիլ Երեւանի Պետական թատերական ակադեմիա, զայն գրկաբաց ընդունեցին՝ առանց քննութիւններու անմիջապէս երկրորդ դասարանի մէջ տեղ գրաւեց։ Մկրտչեանին սկսան վստահիլ լաւագոյն դերերը թատրոնի մէջ: Մարդիկ կու գային տեսնելու ոչ թէ թատերական ներկայացումներ, այլ՝ Ֆրունզիկի խաղը:

Անսահման մեծ էր դերասանի հանդէպ մարդոց սէրը: Ժողովուրդը զայն կը տանէր ձեռքերու վրայ: Երբ մեկնեցաւ Լիբանան հիւրախաղերու, պէյրութահայերը այնքան սիրեցին զինքը, որ սկսան կոչել Մհեր։ Մհեր կը նշանակէ պայծառ, արեւային։ Եւ ան ունեցաւ երկու անձնագիր. մէկուն մէջ՝ Մհեր Մկրտչեան, իսկ միւսին մէջ՝ Ֆրունզիկ Մկրտչեան: Յետոյ՝ երկու անձնագիրն ալ կորսնցուց, բայց ոչ մէկ բան փոխուեցաւ, որովհետեւ ամէն տեղ զինք կը ճանչնային ու կ՚ընդունուէր գրկաբաց։ Կարելի է ըսել, որ ան նոյնիսկ կարիքը չունէր անձնագրի: Անգամ մը, երբ ընկերներու հետ արտասահման կը մեկնէր, օդակայանի աշխատակիցները տոմսակին վճարումը չառին, զայն նուիրեցին իրեն։ Իսկ երբ հասան իրենց տեղը, այնտեղի հայերը հիւրասիրեցին զայն, ամէն ինչով օգտակար եղան իրեն, ապա Հայաստան ճանապարհեցին։ Երբ Ֆրունզիկ վերադարձաւ Հայաստան, պարզուեցաւ, որ բնաւ դրամ չէ ծախսած: Այսպէսով Ֆրունզիկ Մհեր Մկրտչեան հասկցաւ, որ իրեն ոչ միայն անձնագիր, այլեւ գումար ալ հարկաւոր չէ:

Մհեր Մկրտչեան բացի ժապաւէններու մէջ նկարահանուելէ, ստեղծագործած է գծանկարներ։ Թէ՛ հին, թէ՛ նոր սերունդի համար անչափ սիրելի է «Գտնուած երազ»ը, որու մէջ ծերուկը կը խօսէր Ֆրունզիկի ձայնով: Իսկ մէկ այլ կենդանի գծագրութեան հերոսը ոչ միայն կը խօսի իր ձայնով, այլեւ նկարուած է ըստ Ֆրունզիկի արտաքինի: Այն կը կոչուի «Ոչինչ» եւ նկարահանուած է արեւելեան յայտնի առասպելի մը հիման վրայ:

Ան հիանալի կատակերգական դերեր խաղացած էր, բայց միշտ կ՚երազէր, որ իրեն առաջարկեն լուրջ տխուր եւ ողբերգական դերեր: Նման դերերով ան քիչ անգամ հանդէս եկաւ, բայց փոխարէնը՝ չափազանց տխուր եւ դառնութեամբ լեցուն կեանք ունեցաւ:

1950-ականներու կէսերն էին, երբ Մհեր Մկրտչեան հանդիպեցաւ դերասանուհի Տոնարա Մկրտչեանին: Երիտասարդուհին Լենինական եկած էր թատերական ակադեմիա ընդունուելու նպատակով: Երիտասարդ դերասանները ամուսնացան ու սկսան միասին աշխատիլ:

Անոնց առաջին զաւակը Նունէն էր, իսկ շուտով ծնաւ նաեւ որդին՝ Վահագնը:

Այնպէս կը թուէր, թէ երիտասարդ ընտանիքի մօտ ամէն ինչ կարգին է եւ կարելի է երջանկութիւնը վայելել, սակայն յանկարծ Տոնարան հիւանդացաւ:

Շուտով անոր մօտ բժիշկները յայտնաբերեցին շիզոֆրենի, որ փոխանցուած էր ժառանգաբար: Ֆրունզիկը զայն տարաւ անուանի բժիշկներու, սակայն ոչ մէկը կրցաւ օգնել իր կնոջ։ Տոնարայի վիճակը օր օրէ կը վատթարանար: Մկրտչեան ստիպուեցաւ կինը փոխադրել Ֆրանսայի մէջ հոգեբուժարան մը, իսկ ինք մնաց երկու երեխաներուն հետ։

Ապա Ֆրունզիկի աղջիկը ամուսնացաւ ու տեղափոխուեցաւ Արժանթին։ Ֆրունզիկ հազիւ կարօտը կը յաղթահարէր, ճակատագիրը անգամ մը եւս հարուածեց զայն՝ նոյն հիւանդութիւնը, որ յայտնուած էր կնոջը մօտ, այս անգամ յայտնաբերուեցաւ որդիին մօտ։

Օրեր շարունակ Մհեր Մկրտչեան չէր քնանար, ան սարսափով կ՚անցընէր իր գիշերները…

Ընկերներէն մէկը պատմած է, թէ ինչպէս անգամ մը Ֆրունզիկ անոնց ցոյց տուած է պահարանի տակ կախուած դաշոյնը, որ կը պատկանէր որդիին՝ Վահագնին: Քանիցս ան գիշերը արթնցած էր ու տեսած՝ թէ ինչպէս Վահագնը դաշոյնը ձեռքին հօրը վրայ յարձակած էր, զայն սպաննելու համար։ Որդին բուժելու Մհեր Մկրտչեանի ջանքերը ապարդիւն էին. ան տեղափոխուեցաւ ֆրանսական նոյն հոգեբուժարանը, ուր կը գտնուէր նաեւ իր մայրը: Կ՚ըսեն, որ թէեւ հիւանդանոցի մէջ մայր ու որդի հանդիպեցան իրարու, սակայն ոչ մէկ անգամ ճանչցան զիրար։ Ֆրանսայէ վերադառնալէ վերջ յուսահատ Մհեր Մկրտչեան ինքզինք յանձնեց խմիչքին։ Արդէն յայտնի դարձած էր, ցաւօք, այլեւս վճռուած էր նաեւ Վահագնի ճակատագիրը։ Իսկ շատ չանցած՝ Արժանթինի մէջ դժբախտ պատահարի պատճառով մահացած էր Ֆրունզիկի դուստրը:

Մհեր Մկրտչեանի անձնական կեանքը կարճ ժամանակով գունաւորուեցաւ, երբ ան ամուսնացաւ երկրորդ անգամ: Անոր կինը դարձաւ Թամարա Յովհաննիսեանը: Այս ամուսնութիւնն ալ, աւաղ, երկար չտեւեց: Օր մը, երբ անոր հարցուցին, թէ ինչո՛ւ գիշերը փողոցը առանձին կը քալէ, ան զարմացաւ. «Ինչո՞ւ առանձին, կատուները կը քալեն, շուներն ալ։ Այնպէս որ ես մինակ չեմ»։

Յետոյ՝ Մհեր Մկրտչեան հրաժարեցաւ շարժապատկերէն եւ իր ուժերը կեդրոնացուց սեփական թատրոնի ստեղծման վրայ: Կեանքի վերջին տարիներուն Ֆրուն-զիկը յաճախ կը յիշէր մանկութիւնը ու զայն միշտ կը պատկերացնէր որպէս հեծանիւ, երեւի այն պատճառով որ միշտ երազած էր, բայց երբեք հեծանիւ չէր ունեցած, ինչպէս՝ մանկութիւնը: Առիթով մը մեծ դերասանը պատմած է հետեւեալը. «Ամէն անգամ, երբ կը յիշեմ իմ մանկութիւնը, չեմ գիտեր ինչո՛ւ ան ինծի կը ներկայանայ հեծանիւ քշող փոքրիկ տղայի տեսքով: Գուցէ անկէ է, որ մանկութեան տարիներու միակ երազանքս հեծանիւ ունենալն էր, որ այդպէս ալ չունեցայ»:

Մհեր Մկրտչեան եթէ «Հայֆիլմ»ի մէջ յաջողութեամբ կը մարմնաւորէր տրամաթիքական կերպարներ, ինչպէս՝ Նիկոլը («Հին օրերու երգը»), ապա այլ շարժանկարի սթիւտիոներ զայն կը հրաւիրէին բացառապէս կատակերգական դերերու համար: Ան կը նկարահանուի «Կովկասի գերուհին», «Այբոլիտ-66», «Միմինօ», «Ալի պապան եւ քառասուն աւազակները», «Ունայնութիւն ունայնութեան» ժապաւէններուն մէջ, որոնց մէջ մարմնաւորած կերպարներուն համար գնահատուած է պետական բարձր պարգեւներով:

1993 թուականի դեկտեմբերի 29-ին, 63 տարեկանին, նշանաւոր հայ դերասան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, շարժանկարի եւ թատրոնի մեծ կատակերգուն հրաժեշտ տուաւ կեանքին: Ինչպէս յետագային պատմած է եղբայրը, Ֆրունզիկը կ՚ուզէր մահանալ, ան կ՚երազէր այդ մասին։ Այլեւս ուժ չունէր յաղթահարելու իրեն բաժին ինկած դառնութիւնները: Այդպէս ալ եղաւ. մեծ ողբերգութեան տէր մարդը մահացաւ տառապանքէ ու ցաւէ: Կ՚ըսեն, որ ան երեխայի պարզ ու մաքուր հոգիով ծնաւ եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին այդպէս ալ մնաց։ Թէեւ չարչարանքներուն ան ֆիզիքապէս չդիմացաւ, սակայն անոր հոգին եւ կամքը անյաղթ մնացին՝ անաղարտ եւ լուսաւոր։

Կիւմրիի մէջ կը գտնուի Մհեր Մկրտչեանի թանգարանը, ուր կան հարուստ նիւթեր դերասանի կեանքի, ստեղծագործութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ՝ անոր անձնական իրերէն։

«ՄԱՐԴ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ՝ Ե՛Ւ ՕՐՕՐՈՑԱՅԻՆԸ, Ե՛Ւ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵԾԱՆԻՒԸ…»

Մանուկ հասակիս ես կ՚երազէի փայլուն, պսպղուն հեծանիւ ունենալ. ժամերով կը կենայի խանութի ցուցափեղկին առջեւ ու կը դիտէի…

Երազիս մէջ ալ կը տեսնէի…

Եւ վերջապէս տնեցիները խոստացան, որ հեծանիւ կը գնեն: Վրայ հասաւ հանդիսաւոր օրը: Մեր ամբողջ ընտանիքը մօրս՝ Սանամի գլխաւորութեամբ ուղղուեցաւ դէպի խանութ: Մայրս հագած էր իր միակ տօնական զգեստը եւ կը գլխաւորէր երթը: Անոր ետեւէն կը քալէի ես՝ ձեռքիս ինծի վստահուած դրամապանակը: Ետեւէն կը քալէին քոյրերս եւ բակի բոլոր երեխաները փոքր եղբօրս՝ Աբոյի գլխաւորութեամբ: Եւ յանկարծ շատ մօտէն լսուեցաւ՝ «խօսում է Մոսկուան, խօսում է Մոսկուան…»:

Ես երկար կեցած էի ցուցափեղկին առջեւ, ուր փայլփլում էր իմ երազանքը՝ «Սեզա՛մ, բացուի՛ր…», իսկ դրան վրայ կար մեծ կղպանք մը, եւ՝ ինչ-որ մէկու արագ ձեռագիրով գրուած թուղթ մը՝ «Փակ է պատերազմի պատճառով»: Չորսուկէս տարի մանկութեան երազանքը մնաց փակ դրան ետեւ…

… Տարիներ շարունակ տարբեր գործուղումներէն վերադառնալով՝ ես տղուս կը բերէի կանաչ, կարմիր, երկնագոյն հեծանիւներ: Տղաս, մէկ-երկու վայրկեան քշելէ ետք, կ՚երթար «կռիւ-կռիւ» խաղալու:

Մէկ կողմ ինկած կը մնայինք ես ու հեծանիւները: Անգամ մըն ալ բարձրացուցի հեծանիւին աթոռը, նստայ ու քշեցի սենեակին մէջ: Վրէժ լուծեցի իմ մանկութեանս համար եւ հասկցայ շատ պարզ բան մը. մարդ ամէն ինչ պիտի ստանայ ժամանակին՝ ե՛ւ օրօրոցայինը, ե՛ւ առաջին հեծանիւը:

ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020