ՄԱ՛ՅՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ
Համահայկական վեցերորդ խաղերը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցան՝ արժանանալով համայն աշխարհի հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ կազմակերպուած երեկոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ողիմպիական ախոյեան Ալպէրթ Ազարեանի կողմէ աննախընթաց ցնծութեան մթնոլորտին մէջ վառուեցաւ Համահայկական վեցերորդ խաղերուն ջահը։ Երեկոյթին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ հիւսուած էր պարերով, երաժշտութիւնով եւ գրականութեամբ ու կը ցոլացնէր հայկական հնամենի աւանդութիւնները։ 2015-ի ոգեկոչումներուն ձօնուած այս խաղերուն բացումը իսկապէս խորհրդաւոր մթնոլորտ մը ստեղծեց, շուրջ 6 հազար 500 մարզիկներուն տողանցքը ջերմօրէն ողջունուեցաւ բոլոր հանդիսատեսներուն կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի զանազան հեռուստակայանները ուղիղ եթերով սփռեցին հանդիսութիւնը, ամբողջ հայութիւնը կարելիութիւնը ունեցաւ հաղորդ դառնալու Երեւանի մէջ ստեղծուած անբացատրելի ոգեւորութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Այստեղ գտնուող շատերը կը ներկայացնեն Սփիւռքի մէջ ծնած արդէն չորրորդ կամ հինգերորդ սերունդը։ Ձեր մէջ կան մարդիկ, որոնք առաջին անգամ կը տեսնեն իրենց հայրենիքը։ Կան մարդիկ, որոնք դժուարութեամբ կը խօսին հայերէն։ Բայց բոլորի հոգիին մէջ մշտապէս Հայաստանն է, իսկ Հայաստանի սիրտն ալ բաց է անոնց համար։ Այստեղ ներկայ բոլոր մարդիկ կապուած են ընդհանրութիւնով մը՝ հայկական ինքնութեամբ։ Որքան ալ նոր ու յաւելեալ տարբեր ինքնութիւններու շերտեր աւելնան, հայութիւնը, հայ ըլլալը մեր բոլորի մայր ինքնութիւնն է»։ Իր ելոյթին տեւողութեան Սերժ Սարգսեան շեշտեց, որ խաղերու օրերուն մասնակիցները պիտի գտնեն նոր բարեկամներ եւ այդ ընկերութիւններուն կրակը վառ պիտի պահուի իւրաքանչիւրի կեանքին ընթացքին։ «Վստահ եմ, որ Համահայկական խաղերու կրակը ձեզ տակաւին շատ երկար պիտի ուղղորդէ», ըսաւ ան։