«ՈՐՔԱ՞Ն ՄՏԱԾՈՂ ՄԱՐԴ ԿԱՅ…»

«Ես Փաշինեանը շատ կը սիրեմ ու կը յարգեմ», երէկ ինծի խոստովանեցաւ ծանօթ մը։ «Շատ լաւ կ՚ընէք, -պատասխանեցի- իսկ ինչո՞ւ այդքան կը սիրէք ու կը յարգէք»։ Զրուցակիցս վայրկեան մը մտածեց ու յետոյ ըսաւ. «Որովհետեւ մնացեալները տանիլ չեմ կարողանար»։ Ես, ի հարկէ, հնարաւորութիւն չունիմ հարցախոյզներ իրականացնելու եւ յստակ թիւեր նշելու, թէ մեր բնակիչներու ո՞ր մասը այդպէս կը մտածէ, բայց բազմաթիւ շփումներէ եւ որոշ անուղղակի նշաններէ հակուած եմ ենթադրելու, թէ սա Փաշինեանի ընտրազանգուածի (եւ, հետեւաբար, ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներու մեծամասնութեան) կողմնորոշման հիմնական շարժիչ ուժն է։

Նման անուղղակի նշան է նաեւ այն, թէ ինչպէս ֆէյսպուքի վրայ կ՚արձագանգեն հետապնդումներուն, որոնց իշխանութիւնը ձեռնարկած է սիւնեցի քաղաքապետներու եւ գիւղացիներու՝ ներառեալ ընտրուած երեսփոխաններու դէմ. «անոնք թալանճիներ են», «անոնք յանցագործներ են», «անոնք իրենց իշխանութեան ժամանակ մարդ կը ծեծէին ու մարդ կը սպաննէին»։

Այդպէսով, ընդդիմադիր պատգամաւորներու բողոքը, զոր մենք տեսանք 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի աշխատանքային առաջին օրը, անկախ՝ թէ իրաւական առումով ճի՞շդ է կամ սխալ, քաղաքական տեսանկիւնէն որեւէ հետեւանք չ՚ունենար։ Ընտրողներու մեծամասնութիւնը լիազօրութիւն տուած է այդ հետապնդումներուն, այդ իսկ «ժողովրդական վրէժխնդրութեան» համար։ Իրաւական նրբութիւնները այդ ընտրազանգուածը չեն յուզեր։

Բայց ամբողջ խնդիրը այն է, որ ես կը շփուիմ նաեւ փոքրամասնութեան ընտրազանգուածին հետ եւ անոնց ըսածն ալ մօտաւորապէս նոյնն է՝ անոնք կը սիրեն-կը յարգեն Քոչարեանը առաւելապէս այն պատճառով, որ չեն կարողանար տանիլ Փաշինեանը։ Այսինքն՝ մենք այստեղ գործ ունինք հայելանման պատկերի մը հետ. եթէ Քոչարեանի ընտրողները ըլլան մեծամասնութիւն, ապա անոնք նոյն խանդավառութեամբ կ՚ողջունէին «Քաղաքացիական պայմանագիր»ականները հետապնդելը։ (Ինձ թոյլ կու տամ ենթադրել, թէ այդ հետապնդումները կ՚ըլլային աւելի դաժան)։

Եզրայանգումը բաւականին պարզունակ է։ Խորհրդարան անցած ուժերը կ՚աշխատին, կը խօսին, կը քարոզեն իրենց ընտրազանգուածներուն համար, որով ունին մօտաւորապէս նոյն կողմնորոշիչները, նոյն իրաւագիտակցութիւնը եւ մտաւոր նոյն մակարդակը։ (Պա ալ որո՞ւ համար անոնք պէտք է աշխատէին)։ Մտածող մարդիկ՝ անոնք, որոնք կը տեսնեն երանգներ ու աշխարհը «սեւ-սպիտակի» չեն բաժներ, անոնք, որոնք չափաւոր են, դէմ են ծայրայեղութիւններու, այդ քաղաքական ուժերու թիրախին չեն։ Ճակատագրական հարցը, ի հարկէ, հետեւեալն է՝ որքա՞ն մտածող մարդ կայ Հայաստանի մէջ։ Սա դարձեալ հարցախոյզի խնդիր է։ Բայց դարձեալ զուտ լրագրական մակարդակով կրնամ փաստել՝ մտածող մարդիկ քիչ չեն։ Պարզապէս անոնցմէ շատերը զանազան պատճառներով կը լռեն, ընտրութիւններուն ալ չեն երթար։ Կը կարծեմ, սխալ կը վարուին։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021