ՆՈՅՆ ԴԷՄՔԵՐՈՎ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի երէկ տեղի ունեցած անդրանիկ նիստը եկաւ բնորոշել նոր իշխանութեան ձեւաւորման մեկնարկը։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ տագնապալի կացութեան մէջ յայտնուած երկիրը կարիքն ունի նոր սկիզբի մը եւ նորընտիր խորհրդարանի աշխատանքի ձեռնարկելը գործնական նշանակութիւն ունի այս տեսանկիւնէն։ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ գործնականօրէն սպիտակ էջ մը կը բացուի, յամենայնդէպս, նոյն դէմքերով նոր շրջան մը կը համարուի այս մէկը։

Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, երէկ, Ալէն Սիմոնեան ընտրուեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ։ Անդրանիկ նիստին զուգահեռ մինչ սկսաւ խորհրդարանի դիւանի ձեւաւորման գործընթացը, զուգահեռաբար Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ վարչապետ վերանշանակեց Նիկոլ Փաշինեանը։ Վերանշանակեալ վարչապետի տնօրինութիւններով սկսաւ նաեւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումը։ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկներուն հիման վրայ նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հրամանագրեր ստորագրեց՝ նշանակելով կառավարութեան կարգ մը նոր անդամները։ Այսպէս, Սուրէն Պապիկեան նշանակուեցաւ փոխ-վարչապետ, Արշակ Կարապետեան՝ պաշտպանութեան նախարար, Գնել Սանոսեան՝ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար, Ռոմանոս Պետրոսեան՝ բնապահպանութեան նախարար, Նարեկ Մկրտչեան՝ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Յակոբ Սիմիտեան՝ վարչապետի աւագ խորհրդական։ Բաց աստի, խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տիրացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն Լիլիթ Մակունցն ալ երէկ նշանակուեցաւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան։ Լիլիթ Մակունց նախկին շրջանին խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի խորհրդարանական խմբակցութիւնը կը գլխաւորէր։ Ան այս նոր շրջանին կ՚անցնի դիւանագիտական աշխատանքի՝ ինչ որ միջոցէ մը ի վեր արդէն արձագանգ գտած էր լրատուամիջոցներու մօտ։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ վարչապետ վերանշանակուելուն կապակցութեամբ։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս ղեկավարի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Կը յուսամ, թէ ձեր կառավարութեան գործունէութիւնը պիտի նպաստէ ռուս-հայկական բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման։ Մեր կողմէ, մենք պատրաստ ենք շարունակել շինիչ երկխօսութիւնը եւ համատեղ աշխատանքը՝ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերուն շուրջ»։

Փութին այս փուլին Փաշինեանին մաղթած է յաջողութիւններ, քաջառողջութիւն եւ բարեկեցութիւն։

Բաց աստի, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ երէկ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորեց Հայաստանի վարչապետ վերանշանակուելուն կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021