ՄՕՏԵՑՄԱՆ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄ
Արցախի անկախութեան 25-ամեակը երէկ նշուեցաւ խանդավառ արարողութիւններով։ Ստեփանակերտի մեծահանդէս տօնակատարութիւններուն մասնակցութիւն բերին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան եւ բազում բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Ստեփանակերտի կեդրոնին երիտասարդներ երթ մը իրականացուցին Արցախի մեծադիր դրօշակով մը, մինչ Վերածնունդի հրապարակին վրայ կատարուեցաւ զինուորական տողանցք եւ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ։
Յոբելենական արարողութիւնները տեղի ունեցան՝ Ապրիլի սկիզբին պատահած պատերազմի թարմ յիշողութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ 25-ամեակի առթիւ հերթական մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ անցեալ 25 տարիներու ընթացքին Արցախի ժողովուրդը ապացուցանած է, թէ տէրն է իր որոշման, այսինքն՝ որպէս պետութիւն կայացած է Արցախը։ «Ապրիլեան պատերազմը ապացուցանեց, որ Արցախի ժողովուրդը պատրաստ է այսօր եւս ետ մղելու որեւէ արկածախնդրութիւն», ըսաւ փոխ-նախարարը, որու համոզմամբ՝ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր բանակցային գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութիւնը արդէն ի յայտ կը բերէ կամ առաջին հարթութեան վրայ կը մղէ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հարցը եւ այս մէկը կրնայ արդիւնաւէտ դարձնել ամբողջ բանակցային գործընթացը։
«Սա այն պահն է, երբ Լեռնային Ղարաբաղ այդ ուղղութեամբ կ՚աշխատի ու սա նոր չէ, արդէն կան ճանաչման որոշումներ, սակայն նահանգներու, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակին վրայ։ Տակաւին երկիրներ չկան, սակայն այդ աշխատանքը կը կատարուի։ Շատ կարեւոր է ուժերը կեդրոնացնել այդ ուղղութեամբ», մատնանշեց Շաւարշ Քոչարեան, ըստ որու, Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշուման հետեւանքով այսօր նոյնիսկ պէտք է շատ լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկել այն մօտեցումները, որոնք կային բանակցային գործընթացին մէջ։ Շաւարշ Քոչարեան շեշտեց նաեւ, թէ Պաքուի ղեկավարութիւնը ներկայիս բանակցային գործընթացին մասին կ՚ըսէ միայն այն ինչ, որ ձեռնտու է իրեն համար։
ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԶՈՀ
Միւս կողմէ, Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ գիշեր շփման գծին վրայ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։