ՀԱԶԱՐ ԱՊՐԻՍ ՍԻՊԻԼ
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ երաժշտական կեանքի իր նուաճումներուն առընթեր վերջին շրջանին ուշադրութեան կ՚արժանանայ նաեւ ընկերային յանձնառութիւններով։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Սիպիլ մօտաւոր անցեալին Հայաստանի «Կեդրոն» հեռուստակայանին կողմէ սփռուած «Ես կամ» ծրագրին մասնակցութիւն բերած էր։ Այդ մէկը պարզ հաղորդում մը չէր, այլ ունէր նաեւ ընկերային լուրջ յանձնառութեան բնոյթ, որովհետեւ հասարակութեան խոցելի խաւերէ ընտանիքներու խնդիրները կը բերէր հանրութեան օրակարգին վրայ։ Այդ ծրագիրը բնոյթին բերումով ահազանգ կը հնչեցնէր իր թիրախաւորած ընտանիքի, անձի կամ երեւոյթի նշանակութեան, հրատապ իմաստին վրայ։
Մօտաւոր անցեալին Սիպիլ «Ես կամ»ին մասնակցելով հիւրընկալուած էր հինգ զաւակներով ընտանիքի մը կողմէ։ Առաջին հերթին արդէն ուշադրութիւն գրաւած էր, որ այդ ընտանիքի հինգ զաւակներէն ոեւէ մէկը տակաւին դպրոց չէին կրցած սկսիլ։ Տակաւին բոլորի աչքին առջեւ պարզուած էին կենցաղային դժուարութիւններ։
Յաջորդող ժամանակաշըր-ջանին Սիպիլի մասնակցութեամբ հնչեցուած ահազանգը արդէն տեղ հասած է։ Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ այդ հաղորդումին հետեւած Սիմոն Մուրատեան եւ իր ազգականները շարժման անցած են, որպէսզի Սիպիլի մասնակցութեամբ հնչած արձագանգը ապարդիւն չմնայ։ Այսպէս, Սիպիլը հիւրընկալած ընտանիքին համար արդէն այժմ ապահովուած է նուազագոյն պայմաններով բնակարան մը։ Այսինքն, Սիպիլի ընկերային յանձնառութիւնը փոխած է շատ համեստ ընտանիքի մը կեանքը։ Միեւնոյն ժամանակ, նոյն ընտանիքի հինգ զաւակներէն երկու դպրոցահասակ դուստրերը արդէն դպրոց յաճախել սկսած են 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին։
Սիպիլի այս ըրած գործը արժանի է ծափահարութեան այնքան՝ որքան իր երգերը։ Սա իսկական արուեստագիտուհիի մը հանրային պատասխանատուութեան զգացումի, ազգասիրութեան վառ դրսեւորում մըն է, ինչ որ այս շրջանին բարձր կը գնահատուի բոլորին կողմէ։
Ապրիս Սիպիլ, հազա՜ր ապրիս։