ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անոնք անդրադարձան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

Միրզոյեան-Լաւրով հեռախօսազրոյցը յաջորդեց նախօրէին Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ կազմակերպուած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման։

ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ դարձեալ պատահեցան դէպքեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ կրակ բացած են հայկական բանակի փոխադրամիջոցներէն մէկուն վրայ։ Հայկական կողմը կորուստ մը չունի։ Նախարարութիւնը միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ ապատեղեկատուութիւն մը տարածած է։ Այսպէս, Պաքուէն պնդուած է, որ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեան վրայ կրակ բացած են Ատրպէյճանի դիրքերուն եւ ռազմական փոխադրամիջոցներու դէմ։ Երեւան պաշտօնապէս հերքած է այդ պնդումները։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրին մասին։ Իր խօսքով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը հիմնուած պիտի ըլլայ՝ Պաքուի կողմէ առաջարկուած եւ Երեւանի կողմէ ընդունուած 5 սկզբունքներուն վրայ։

Ինչպէս ծանօթ է, Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Ալիեւ երէկ խօսեցաւ Պրիւքսելի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան մասին, ըստ որու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ շրջանին բանակցութիւններ պիտի վարեն խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ։ Իր խօսքով՝ նախարարներու գործնական բանակցութիւնները խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ հիմնուած պիտի ըլլան Պաքուի առաջարկած եւ Երեւանի ընդունած 5 սկզբունքներուն վրայ։

«Այդ 5 սկզբունքները կը ներառեն երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, տարածքային պահանջներէ փոխադարձ հրաժարումը, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառումը, սահմանազատումն ու հաղորդակցութիւններու բացումը։ Այս սկզբունքները Հայաստանին առաջարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ։ Հայաստանի վարչապետն ալ ընդունած է զանոնք։ Սա վերահաստատուած է նաեւ երկու օր առաջ Պրիւքսելի մէջ մեր ունեցած հանդիպման ժամանակ», ըսաւ Ալիեւ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022