ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻ՞ՒՆ՝ ԱՌԱՆՑ ԲԱՑԷ Ի ԲԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼՈՒ

«Խաղաղապահ ուժեր, ո՞ւր է ձեր խոստացած խաղաղութիւնը», կոչերով արցախցիները յանդգնած են բողոքի ցոյց կազմակերպել Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ։

Ատրպէյճանի (…) յարձակումին դիմաց ռուս խաղաղապահ ուժերու անգործութեան ակնարկելով՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի արցախցիներուն մէջ բացասական տրամադրութիւններու ձեւաւորման մասին մտավախութիւնը անտեղի չէր։ Ռուս խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Անտրէյ Վոլքով առաջին անգամ ըլլալով խոստովանած է, որ իրաւասութիւնը չունի միջամտելու եւ ոչ ալ միջոցները։ Սարսափելի անհանգստացնող արտայայտութիւն մը՝ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարելու կոչուած զօրախումբի մը կողմէ, որուն ապաւինելով՝ շուրջ հարիւր հազար արցախահայեր նոյեմբեր 2020-ի հրադադարէն ետք վերադարձած են Արցախ։

Պէտք է ընդգծել, որ Հայաստանի վարչապետը (…) արդէն անդրադարձաւ, դիւանագիտական փափուկ լեզուով, ռուսական խաղաղապահ զօրքի անգործութեան։ Սակայն այս յայտարարութիւնը լուրջ հակազդեցութիւն մը չունեցաւ Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ՝ հակառակ Արցախի քաղաքական ընդդիմադիր ուժերու արդար բողոքի ցոյցերուն, որոնց ընթացքին պարզուած են «Խաղաղապահներ, ո՞ւր է ձեր խոստացած խաղաղութիւնը», «Կը պահանջենք հետեւիլ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան», «Կանգնեցուցէք Ատրպէյճանի յարձակումը», «Վերադարձուցէք Փառուխը, Խծաբերդը» վերտառութեամբ պաստառներ։

Բողոքը գլխաւորած ընդդիմադիր՝ Արցախի Յեղափոխական կուսակցութեան նախագահ Արթուր Օսիպեան յայտարարած է, որ ցոյցին պատճառը խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Անտրէյ Վոլքովի հետ հանդիպումէն յառաջացած մտավախութիւնն է։ Հրամանատարը չէ կատարած որեւէ յստակ հաւաստում, թէ շփման գծին վրայ նոր դէպքեր պիտի չըլլան։ Ըստ Օսիպեանի, խաղաղապահներու հրամանատարական կազմը իրենց տեղեկացուցած է, որ բաւարար միջոցներ ու լիազօրութիւններ չունի Ատրպէյճանի յարձակումը կանխելու ու անոր դէմ հակազդելու համար։

Աւելին, Վոլքով իրենց փոխանցած է Ատրպէյճանի երկու վերջնագիր՝ Հայաստանը Արցախին կապող Լաչինի հին ճանապարհին փոխարէն նոր ճանապարհի օգտագործման եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապառազմականացման վերաբերեալ։ Օսիպեանի համար այս երկու պահանջներն ալ ապօրինի են ու կը խախտեն նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութիւնը։ Ընդդիմադիր գործիչը վրդովուած է մասնաւորապէս՝ այդ վերջնագրերուն ռուսական կողմի միջնորդութեամբ հայկական կողմին փոխանցումէն։

Նկատի առնելով միջազգային հանրութեան հակազդեցութիւնը (…) բախումներուն, անոր կեղծ անկողմնակալական կոչերը երկու կողմերուն՝ հարցերը ռազմական ճանապարհով լուծելէ զերծ մնալով՝ բանակցային միջոցին դիմելու ուղղութեամբ եւ վերջին շրջանին անոր ուժանիւթի շահաւէտ պայմանագրեր կնքած ըլլալը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ՝ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները կիրարկելու նպատակով՝ հայկական կողմը համակերպած է ենթարկուելու Ատրպէյճանի վերջնագրին, ըստ որու, մինչեւ օգոստոսի 25-ը պէտք է տեղահանել Բերձորի, Աղաւնոյի բնակչութիւնը, որ շուրջ հարիւր ընտանիքէ կը բաղկանայ։ Այս անգամ կը տարհանուին նաեւ յուշարձանները, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ ոչնչացման առաջնակարգ դիրքի վրայ են, ինչպէս 2021 թուականին Ատրպէյճանի նախագահը արդէն յայտարարած էր, որ բոլոր նոր յուշարձանները, որոնք կառուցուած են վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին՝ ենթակայ են ոչնչացման, իսկ նախկինները ձեւափոխութեան։ Ինչպէս որ մինչեւ հիմա տեղի ունեցած է, հակառակ միջազգային հանրութեան յորդորներուն եւ բողոքին։

Այս դէպքերուն առթիւ ռուսական կողմին միակ դրական հակազդեցութիւնը եղած է, որ պաշտօնապէս ընդունած է Ատրպէյճանի նախայարձակ ըլլալու հանգամանքը։ Սակայն, զարմանալի է եւ մեծապէս մտահոգիչ՝ ռուս սահմանապահ զօրքերու Մեղրի-Ագարակ շրջանի սահմանային ստուգումներու խստացումը՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ իբրեւ թէ Իրանէն Հայաստան թմրեցուցիչի եւ հոգեգործօն նիւթերու (հաշիշ, էրոին) ապօրինի տեղափոխման փորձերը աւելցած են։ Թերեւս ալ առանց բացէ ի բաց յայտարարելու՝ նախապատրաստութիւնն է Ատրպէյճան-Նախիջեւան ճանապարհի բացումին։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022