ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 31-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ։ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը այս առթիւ այցելեց Նահատակաց յուշարձանը։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան ծաղիկներ խոնարհեցին նահատակներուն համար, մինչ իրենց ուղեկցեցան նաեւ պետական աւագանիէն այլ դէմքեր, քաղաքական-հասարակական գործիչներ։

Միւս կողմէ, այս տարեդարձին կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ լուծումը կը շարունակէ առանցքային մնալ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին։ Այս առումով մատնանշուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան փորձառութեան եւ ներուժին օգտագործման կարեւորութիւնը՝ համապարփակ ու երկարաժամկէտ լուծման առումով։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ Արցախի բնակչութեան կենսագործունէութեան համար անհրաժեշտ բոլոր պայմաններու ապահովման եւ իր բնօրրանին մէջ անվտանգ ապրելուն համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ, նաեւ շեշտուած Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու երաշխաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022