ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ՀԵՏԱՄՈՒՏ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄՈՏԵԼԻՆ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտնեց, որ շատ կարեւոր քայլերու կը ձեռնարկուին՝ իր երկրի բանակը Թուրքիոյ մոտելին համապատասխանեցնելու համար։ Ան նշեց, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան գործունէութիւնը կը ծառայէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման։

Հասանով յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը 44-օրեայ պատերազմին լիովին զգացած է Թուրքիոյ աջակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2024