ՊԱՏԿԵՐ ԵՒ ՊԱՏՈՒՄ

Հայաստանի Նկարիչներու միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Գուրոս. Սիւնիքի վաւերագրողը» ցուցահանդէսի բացումը, որուն զուգահեռ կազմակերպուած էր նաեւ «Պատկեր եւ պատում. 20-րդ դարու Սիւնիքը Գուրոսի լուսանկարներուն մէջ» գիրքին շնորհանդէսը։ Գուրոսի՝ Գուրգէն Պետրոսեանի սեւանկարներու հաւաքածոյէն աւելի քան 150 դրուագ ներկայացուած է ցուցահանդէսի այցելուներուն։ Անոնցմէ մէկ մասը բացառիկ է։ Երբեք չհրապարակուած այդ պատկերները կը ցոլացնեն Սիւնիքի բնութիւնն ու յուշարձանները, բնակավայրերն ու բնակչութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը հետաքրքրական է, որովհետեւ ամբողջ դարաշրջան մը կը ներկայացնէ։ «Երբ մարդ կ՚ապրի, շատ յաճախ շրջապատը իրեն սովորական կը թուի։ Բայց կան անոնք, որոնք այդ ամէնը կը դիտեն բոլորովին այլ տեսանկիւնէ եւ այդ արհեստավարժներու շարքին է Գուրոսը, որ կարողացած է իր ժամանակաշրջանը յստակեցնել։ Տեսնել ուրիշի մը դիտակէտէն եւ սերունդներուն փոխանցել այն մեծ հարստութիւնը, զոր այսօր դիտելու հնարաւորութիւնը ունինք», ըսաւ ան։

Նկարիչներու տան հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Ալֆրէտ Քոչարեան։

Նոյն օրը ծանօթացուած գիրքին հեղինակը՝ Արգամ Երանոսեանն ալ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ձեռնարկի ընթացքին։

Գուրոսը լուսանկարած է նախկին Խորհրդային Միութեան արդիականացման փուլը, երբ աւանդական տնտեսաձեւէն անցում կը կատարուէր դէպի հաւաքական կամ խմբային տնտեսութեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2024