ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը նշուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 7-րդ տա­րե­դար­ձը։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի վա­րիչ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, ինչ­պէս նաեւ պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ ա­րուես­տա­գէտ­ներ։

Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այն բո­լոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րուն, ո­րոնք ա­մէն ջանք ու ե­ռանդ ներդ­րած են՝ օգ­նե­լով նա­խա­րա­րու­թեան կա­յաց­ման։

Իր սրտի խօս­քը ար­տա­սա­նեց յայտ­նի յօ­րի­նող Տիգ­րան Ման­սու­րեան, որ վեր­յի­շեց Շա­հան Շահ­նու­րի «Նա­հանջ ա­ռանց եր­գի» վէ­պը, ու նշեց, թէ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան խնդի­րը այդ նահան­ջի կա­սե­ցումն է։ Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ նա­խա­րա­րու­թեան ծրագ­րե­րուն շնոր­հիւ աշ­խար­հասփիւռ հայ պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կու գան Հա­յաս­տան։

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հիմ­նադրու­թեան 7-րդ տա­րե­դար­ձը շնոր­հա­ւո­րե­ցին նաեւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան Հայաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան, Հայ օգ­նու­թեան միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետու­հի Վի­քի Մա­րաշ­լեան, Հա­մաշ­խար­հա­յին հայ­կա­կան գոնկ­րէ­սի փոխ-նա­խա­գահ­ներ՝ Ա­րամ Սարգ­սեան եւ Վլա­տի­միր Ա­ղա­յեան եւ այլ ներ­կա­ներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2015