ՄԱՀ՝ ՆՇԱՆ ԹԱՆԻՔԻ

Իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց տաս­նեակ մրցա­նակ­նե­րու եւ գնա­հա­տագ­րե­րու, Իս­լա­մա­կան մշա­կոյ­թի ու ա­ռաջ­նորդ­ման նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ա­րուես­տի տոք­թո­րի կո­չու­մին եւ ա­րուես­տի ա­ռա­ջին կար­գի մե­տայ­լի ար­ժա­նա­ցած ի­րա­նա­հայ ա­նուա­նի ար­ձա­նա­գործ Նշան Թա­նիք:

Թա­նիք Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ վկա­յուած էր ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ա­րուեստ­նե­րու  գերվ­կա­յա­կա­նով: Ար­ժա­նա­ցած է անգ­լե­րէն լե­զուի եւ պարս­կա­կան գրա­կա­նու­թեան մա­գիստ­րո­սի կո­չու­մին՝ ստա­նա­լով ա­րուես­տի պա­տ-ւա­ւոր տոք­թո­րի աս­տի­ճան: Ան հիմ­նա­դի­րը ե­ղած է Ի­րա­նի մէջ գտնուող կարգ մը թան­գա­րան­նե­րու:

Նշան Թանիքի մա­հով ան­կա­տար մնա­ցին իրեն տրուած կարգ մը կարեւոր խոս­­տու­մներ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016