ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ուորլիք ընդծգեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխուժօրէն աշխատիլ միւս համանախագահներուն հետ՝ հակամարտ կողմերուն համար ընդունելի լուծում մը գտնելու նպատակով։
Վերջին օրերուն ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի յայտարարած էր, թէ առայժմ յստակ ճանապարհ մը չի տեսներ Լեռնային Ղարաբաղի սառեցեալ հակամարտութեան կարգաւորման համար, որովհետեւ առաջնորդները պատրաստ չեն յառաջընթացի եւ կողմերուն միջեւ առկայ է լարուածութիւն։
Քերիի այս խօսքերէն վերջ Ուորլիք վերահաստատեց ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն նպաստելու ուղղութեամբ։