ՊԱՊԸ ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՆՑԱՒ

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Տ.Տ. Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը շա­բա­թա­վեր­ջին ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուց դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։ Ան այս շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեանց կող­մէ։

Թիֆ­լի­զի մէջ, Վրաց Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Վի­րա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան։

Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի Պա­քուի շփում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ե­րէկ։ Ան մեծ պա­տիւ­նե­րով հիւ­րա­սի­րուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի, Ա­ռա­ջին տի­կին Միհ­րի­պան Ա­լիե­ւա­յի կող­մէ։ Ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը Սրբա­զան Պա­պին այ­ցը ո­րա­կեց պատ­մա­կան։ Ըստ ի­րեն, թէ՛ Վա­տի­կան-Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ թէ միջ­քա­ղա­քակր­թա­կան երկ­խօ­սու­թեան տե­սա­կէ­տէ այ­ցը կը ներ­կա­յաց­նէ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Ըստ Ա­լիե­ւի, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բո­լոր կրօն­նե­րէ ան­հատ­ներ կ՚ապ­րին խա­ղա­ղու­թեան մէջ։

Իր կար­գին, Սրբա­զան Պապն ալ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­լիե­ւին եւ ընդգ­ծեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բո­լոր կրօն­նե­րու ա­զա­տու­թիւ­նը ա­պա­հո­վուած է լիար­ժէ­քօ­րէն։ Պա­պը նշեց նաեւ, թէ Ատր­պէյ­ճան Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ դուռ մըն է։

Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Իլհամ Ա­լիեւ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա-կամարտութեան՝ կրկնե­լով իր ծա­նօթ պըն-դում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016