ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈԼԱՆՏԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Հոլանտա, ընդառաջելով Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ճորիս Վերքամեն Արքեպիսկոպոսի հրաւէրին։ Հոլանտա հասնելէ վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մայր տաճարը, ուր եղբայրաբար ողջագուրուեցաւ արքեպիսկոպոսին հետ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին այցելութեան առթիւ Հոլանտայի մօտ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանները կազմակերպեցին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Լահէյի մէջ։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան արաբական երկիրներու դեսպաններ եւ քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներ։

Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսն ալ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հաւաքոյթի տեւողութեան քննարկումներ կատարուեցան միջեկեղեցական եւ աստուածաբանական հարցերու շուրջ, որոնք անմիջականօրէն առընչուած են եկեղեցւոյ ներկայ ժամանակներու առաքելութեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019