ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԼԻՑՔ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց՝ օր մը առաջ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովին շուրջ։ Յիշեցնելով, որ այս տարի Հայաստան ԵԱՏՄ-ի շրջանային նախագահը կը հանդիսանայ՝ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ այս ամիս ուժի մէջ կը մտնէ ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ ժամանակաւոր ազատ առեւտուրի վերաբերեալ համաձայնագիրը։ «Կրնամ արձանագրել, որ քաղաքական առումով ԵԱՏՄ-ի շրջանակներէն ներս նման ծաւալով միջոցառում մը տեղի չէր ունեցած եւ այս միջոցառման այս ծաւալներով կազմակերպումը մեր կողմէ, կը կարծեմ՝ անգամ մը եւս եկաւ ապացուցանել, թէ մենք իսկապէս բոլոր ջանքերը կը գործադրենք, որպէսզի ԵԱՏՄ դառնայ աւելի արդիւնաւէտ կառոյց մը եւ մեր անդամակցութիւնը ըլլայ առաւել արդիւնաւէտ», ըսաւ Փաշինեան։

Նիկոլ Փաշինեան նոյն ծիրին մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան կը փափաքի աւելցնել Իրանի հետ ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵԱՏՄ-ի Երեւանի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի։ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ անոր հետ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Հայաստանի վարչապետը երէկ յայտարարեց. «Մենք գիտենք Իրանի շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը, մենք գիտենք մեր ցանկութիւնը՝ մեծացնել իրեն հետ ուժանիւթի համագործակցութիւնը եւ սա այնպէս մը ընել, որ մեր յարաբերութիւնները որեւէ կերպով չխոչընդոտուին այլ յարաբերութիւններու բնականոն զարգացման առումով։ Եւ այս բանը այնպէս մը պէտք է ընել, որ սա չխոչընդոտէ այլ ուղղութիւններով Իրանի յարաբերութիւններու զարգացումը»։ Փաշինեան ընդգծեց, որ այս խնդիրը ունի բազմաթիւ նրբութիւններ, որոնց վրայ պէտք է աշխատիլ եւ կողմերը կը փափաքին միասին գտնել ճիշդ լուծումներ։

Գագաթաժողովի վերաբերեալ արժեւորման ծիրին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց նաեւ, որ Վերին Լարսը բեռներու ազատ տեղաշարժը պէտք է ապահովէ ԵԱՏՄ-ի տրամաբանութեամբ։ Փաշինեան համոզուած է, որ այս նպատակին պէտք է հասնիլ եւ Վերին Լարսի անցակէտը բեռներու ազատ տեղաշարժը պէտք է ապահովէ ԵԱՏՄ-ի տրամաբանութեան համապատասխան։ «Բոլորս գիտենք Լարսի խնդիրը։ Սա երկար տարիներէ ի վեր շարունակուող հարց մըն է։ Մենք պէտք է ԵԱՏՄ-ի շրջանակին մէջ հասնինք այնպիսի լուծումներու, որոնց շնորհիւ Լարսը պէտք է լիարժէք ապահովէ բեռներու ազատ տեղաշարժը այն տրամաբանութեամբ, ինչ որ կը գտնուի ԵԱՏՄ-ի գաղափարախօսութեան հիմքին», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ Երեւանի մէջ իր եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը բաւարարած է երկու կողմերը։ «Ռուսաստանի նախագահին հետ երկու ծաւալուն հանդիպում ունեցանք։ Ընդհանուր առմամբ շուրջ երեք ժամ քննարկեցինք մեր երկիրներու յարաբերութիւններու ամբողջ ծաւալը։ Կը կարծեմ, թէ երկուստեք այս հանդիպումներէն բաւարարուած ենք։ Կը մնայ, որ մեր պայմանաւորուածութիւնները կառավարութիւններն ու քաղաքական խումբերը հետեւողականօրէն իրականութիւն դարձնեն», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ ԵԱՏՄ-ի գագաթաժողովի ժամանակ տեղի ունեցած բոլոր քննարկումներն ու հանդիպումները պիտի ապահովեն, որ դրական նոր լիցք մը ստանան Հայաստանի յարաբերութիւնները իր բոլոր գործընկերներուն հետ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019