ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԷ ԲԱՒԱՐԱՐՈՒԱԾ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ գործընթացը պէտք է արագանայ, պէտք է ըլլայ նպատակասլաց եւ այլեւս պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հուլուսի Աքար լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ընդգծեց, որ անկախ ժամանակի խնդիրներէն՝ թրքական կողմը կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներուն հետ տարուած համատեղ աշխատանքին՝ նախարարը շեշտեց, որ թրքական կողմը չէ բաւարարուած այդ բոլորի արդիւնքով։ Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր զարգացումներուն եւ ըստ այդմ արժեւորումներ կը կատարէ ռազմական ու քաղաքական տեսանկիւնէն։ «Բոլորը գիտեն, որ մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտը ճիշդ ժամանակին կատարելու», ըսաւ Հուլուսի Աքար եւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ աշխատանքները յառաջ կ՚ընթանան՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։
Միւս կողմէ, ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ։ Ան յայտնեց, որ անվտանգ գօտիի ստեղծումը պիտի մեղմացնէ գաղթականներու հարցերով պայմանաւորուած ճնշումը։