ՃԷՊԷՃԵԱՆ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԵԼԵՑ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի տնօրէն Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջին օրերուն այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան նախարարին նուիրեց իր կողմէ հեղինակուած՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը։

Բացի այս հանդիպումէն՝ Արցախի Պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ հեղինակուած վերոյիշեալ գիրքին շնորհանդէսը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019