ՈՒՂԻՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը պէտք է գտնել ուղիղ երկխօսութեան միջոցով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Լաւրով ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Վալտայ» միջազգային քննարկումներու ակումբի 16-րդ նիստին ժամանակ։ Այդ ելոյթին ընթացքին ռուս նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Իր խօսքով՝ քաղաքական կարգաւորման գործընթացը ներկայիս արգելակուած է, տակաւին կարելի չ՚ըլլար տեղաշարժ մը ապահովել այդ ուղղութեամբ։ Սերկէյ Լաւրով հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ.

«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, վերջերս իրավիճակը շփման գծին վրայ բաւականին հանգիստ է, քիչ դէպքեր տեղի կ՚ունենան եւ անոնք շատ խոշոր չեն։ Կայացած է զոհերու մարմիններու փոխանակում, պատրաստութիւններ կան կալանաւորուած անձերու փոխանակման համար՝ քիչ քանակութեամբ, սակայն այնուամենայնիւ գործընթաց մը տեղի կ՚ունենայ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները սերտօրէն կ՚աշխատին արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Ինչ կը վերաբերի դաշտի վրայ տիրող իրավիճակին, ապա ես կ՚ըսէի, որ աւելի հանգիստ է՝ քան տարի մը առաջ, սակայն գործընթացը սառած է եւ տակաւին այդ արգելակումէն դուրս գալ կարելի չ՚ըլլար»։

Սերկէյ Լաւրովի համոզմամբ՝ հնչող յայտարարութիւնները չեն նպաստեր քաղաքական գործընթաց մը ստեղծելու մթնոլորտին։ «Սակայն մենք՝ որպէս համանախագահներ, ամերիկացիներու եւ ֆրանսացիներու հետ կ՚աշխատինք միասին եւ միասնական տեսլական ունինք այս հարցին շուրջ։ Մենք կը փափաքինք գտնել լուծումը, որ, ի հարկէ, պէտք է գտնել ուղիղ երկխօսութեան միջոցաւ», ըսաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019