Չորեքշաբթի 29, Յունուար 2025
ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ
Տագնապներու պատճառով, աշխարհի վրայ ներքին տեղահանուած անձերու թիւը հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանիշային ցուցանիշ է, կը հաղորդէ ներքին տեղահանուած անձերու հարցերու ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Հիմենես Տամարի: «Զինեալ տագնապներու բարդացող բնոյթին եւ համատարած բռնութեան պայմաններուն մէջ հետզհետէ առաւել բարդ կը դառնայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովելը», աւելցուց ան:
Ըստ Տամարիի՝ աշխարհի վրայ տագնապի իրավիճակները եւ բռնութիւնը կրնան նաեւ սաստկանալ բնական աղէտներու պատճառով:
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021