ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեան երէկ ընդունեց Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Դիմաւորման արարողութենէն վերջ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Հիւր պատուիրակութիւնը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ծիծեռնակաբերդ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արշակ Կարապետեան ողջունեց իր վրացի պաշտօնակցին այցելութիւնը ու ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ներկայ իրավիճակը։ Քննարկումներու ընթացքին երկուստեք կարեւորուեցաւ տարածաշրջանէ ներս լիարժէք խաղաղութեան հաստատման եւ կայուն զարգացման անհրաժեշտութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային բնոյթով անվտանգային խնդիրներու։ Նախարարները շօշափեցին պաշտպանական ոլորտէ ներս Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Նոյնպէս երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդունեց Ճուանշէր Պուրչուլածէն։ Զրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ուրախութեամբ ընդգծեց, որ վերջին շրջանին հարեւան երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ շատ բարձր թափ մը կ՚արձանագրուի։ Իր խօսքով՝ Հայաստան շահագրգռուած է Վրաստանի հետ բոլոր ոլորտներէ ներս համագործակցութեան խորացմամբ եւ եղբայրական յարաբերութիւններու զարգացմամբ։ Երկկողմանի կապերու զարգացման եւ համապատասխան ներուժի կեանքի կոչման համատեսքին մէջ Փաշինեան կարեւորեց Հայաստանի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ծաւալուած գործընկերութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան պաշտպանական ոլորտէ ներս գործընկերութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանային նշանակութեամբ հարցերու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021