ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ՀԻՒՐ

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Էրիքա Օլսոնը, որ պատասխանատու է Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերու գծով եւ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Էրիքա Օլսոն կը մասնակցի Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ ԱՄՆ-ի տարածաշրջանի դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու հաւաքին։ Ան վերջերս ստանձնած է իր պաշտօնը եւ երէկուան զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան այս կապակցութեամբ շնորհաւորեց զինքը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ պատասխանատու առաքելութեան համար։

Արարատ Միրզոյեան եւ Էրիքա Օլսոն քննարկեցին Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ՝ գոհունակութիւն յայտնելով զանազան մակարդակներու վրայ հաստատուած երկխօսութեան դրական թափին շուրջ։ Անոնք կարեւորեցին ժողովրդավարական զարգացման, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, փտածութեան դէմ պայքարի մթնոլորտէն ներս ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան (USASD) շրջանակներէն ներս ձեռնարկուելիք համատեղ քայլերուն, նաեւ ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ծրագրերուն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն շուրջ։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան շրջանակներէն ներս։ Այս առումով կարեւորուեցաւ անցեալ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմ հանդիպումը։

Միրզոյեան եւ Օլսոն կանգ առին նաեւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին վրայ։ Այս ամբողջին մէջ նախարարը շեշտեց հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։ Ան մատնանշեց նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս Արցախի հայկական կրօնական ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021