ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով թաղման պաշտօնական յանձնաժողով ստեղծուեցաւ նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ եւ գրող Վանօ Սիրադեղեանի մահուան կապակցութեամբ։ Յանձնաժողովը կը գլխաւորէ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան։ Կազմին մէջ կը գտնուին՝ Բարձր փորձագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատրեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Արայիկ Խզմալեան, Տնտեսութեան փոխ-նախարար Վաչէ Տէրտէրեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, լրագրող Վասակ Դարբինեան, հանգուցեալի որդին՝ Խաչատուր Սիրադեղեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Վանօ Սիրադեղեան հոկտեմբերի 17-ին մահացած էր 75 տարեկանին։ «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ, Հայաստանի նախկին ներքին գործոց նախարարներէն, Երեւանի նախկին քաղաքապետներէն Վանօ Սիրադեղեան 1998 թուականի իշխանափոխութենէն վերջ գործնականօրէն թիրախաւորուած դէմքերէն մին եղած էր, իրեն դէմ քրէական գործեր յարուցուած էին՝ քաղաքական հետապնդման համազօր։ Իրադարձութիւններու շարունակութեան ան պարտաւորուած էր լքել երկիրը եւ մինչեւ իր մահը միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուէր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021