ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցը կը մօտենայ։ Իր խօսքով՝ այս ընթացքին Արցախի կառավարութիւնը յաջողած է բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղութեամբ շատ յստակ աշխատանքներ իրականացնել՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ։ «Ի հարկէ, մենք չենք համարեր, թէ գոհացուցիչ է կատարուածը եւ մենք, բնականաբար, պէտք է շարունակենք աշխատանքը այդ ուղղութեամբ՝ ինչպէս բազմիցս խօսած ենք, զուտ աջակցութեան ծրագրերը փոխարինելով զարգացման ծրագրերով», ըսաւ Փաշինեան։

Այս առաւօտեայ հանդիպման ընթացքին վարչապետը ընդգծեց աշխատանքային մակարդակի վրայ քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ապագայ տեսլականի վերաբերեալ։ «Մենք կարեւոր կը համարենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս վերականգնուի բանակցային լիարժէք գործընթացը, ուր, ինչպէս քանի մը անգամ նշած են նաեւ համանախագահները, յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ՝ ներառեալ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, տեղի կ՚ունենայ հակամարտութեան կարգաւորումը՝ վերջնական ու համապարփակ, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի ճշգրտումը», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ այս բոլորը մշտապէս տեղ կը զբաղեցնեն աշխատանքային օրակարգի վրայ։

Փաշինեան-Յարութիւնեան այս առաւօտեայ հանդիպումէն առաջ, երէկ, Ստեփանակերտէն հասան հերթական մտահոգիչ լուրերը։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ օրուայ երկրորդ կէսին Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները անկանոն կրակ բացած են Կարմիր Շուկայի վրայ։ Հրաձգային զինատեսակներով բացուած է Կարմիր Շուկայ համայնքը թիրախաւորած կրակը։ Տուժածներ չեն եղած։ Այս դէպքի մասին տեղեակ պահուած է Արցախի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը։

Ատրպէյճանի բանակը ներկայիս զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնէ նաեւ Նախիջեւանի մէջ։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռազմափորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթավերջ։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճան ներկայիս կը ծրագրէ ռազմաօդանաւեր ներածել Փաքիստանէն։ Պաքու լուրջ ջանքեր կը գործադրէ արդիականացնելու համար իր ռազմաօդային ուժերը եւ այս ծիրէն ներս նախատեսուած է Փաքիստանէն նոր կործանիչներու ձեռքբերումը։

Հարկ է յիշեցնել, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի բանակը Թուրքիոյ առընթեր Փաքիստանի զինեալ ուժերուն ալ անմիջական զօրակցութիւնը վայելած էր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2021