ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու 3-րդ նիստը։ Այս հանդիպման համար համաձայնութիւն գոյացած էր անցեալ ամսուան սկիզբին, Փրակի մէջ՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած քառակողմանի հանդիպման ընթացքին։ Պրիւքսելի բանակցութիւններուն ընթացքին հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2022