ՀՈՒԼՈՒՍԻ ԱՔԱՐ. «ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ թուրք զինուորականները մօտաւոր ապագային աշխատանքի պիտի ձեռնարկեն Ատրպէյճանէ ներս՝ Ռուսաստանի հետ համատեղ դիտարկման կեդրոնին մէջ։ Ըստ իրեն, երկու երկիրներու սպաներն ու հրամանատարները միասնաբար պիտի մասնակցին հրադադարի դիտարկման, որպէսզի հաշտութիւնը տեւական բնոյթ կրէ։ Հուլուսի Աքար մատնանշեց, որ այժմ խնդրոյ առարկայ կեդրոնի շինարարութիւնը կը շարունակուի։ Ան չյստակեցուց, թէ ո՛ւր պիտի տեղակայուի այդ մէկը։

Երէկ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղապահ առաքելութիւնը կը շարունակէ իրավիճակի շուրջօրեայ դիտարկումը։ Հրադադարը կը պահպանուի շփման գծի ամբողջ երկայնքով։ Ստեղծուած դրական պայմաններուն ներքեւ երէկ վերաբացուած է Ստեփանակերտի թիւ 8 դպրոցը, որ վերականգնուած է ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արցախէ ներս օրուան մը ընթացքին վերականգնուած է շուրջ 1.5  քիլօմեթր երկարութեամբ կազատար խողովակաշար եւ աւելի քան 1.7 քիլօմեթր երկարութեամբ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանցման լարեր։ Ռուս մասնագէտները բժշկական օժանդակութիւն ալ կը ցուցաբերեն արցախահայութեան։ Հայկական աղբիւրներն ալ կը հաղորդեն, որ պատերազմի ժամանակ տեղահանուած Արցախի հայերը աստիճանաբար կը վերադառնան։

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Երկու նախարարները քննարկեցին հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքին վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մտադիր են թեքնոփարք մը ստեղծելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Բարձր փորձագիտութիւններու զարգացման ուղղեալ այս կեդրոնի հիմնադրութեան շուրջ յուշագիր մը ստեղծուած է երկու երկիրներու պատկան մարմիններուն միջեւ։ Նորարարական այս կեդրոնէն ներս կողմերը ապագային համատեղ գործունէութիւն պիտի ծաւալեն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2020